ԹԵՄԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 122-ՐԴ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հերթական՝ 122-րդ թեմական պատգամաւորական ժողովը վերջերս գումարուեցաւ Մասաչուսեցի մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ ծաւալուած աշխատանքներուն ներկայ էր նաեւ Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։ Թեմական պատգամաւորական ժողովին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեւորականաց համագումար։ Պատգամաւորները արժեւորեցին թեմական կեանքի զանազան երեսակները, նաեւ պաշտօնի կոչուեցան այն մարմինները, որոնք նախատեսուած են թեմական կանոնադրութեամբ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ ուղարկուած պատգամը։

Թեմական պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներու եզրափակումէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024