ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Իրանի նորընտիր նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիին։ «Մեծապէս ուրախ ենք, որ Իրանի բարեսէր ժողովուրդը ազգային աւանդներուն հաւատարմութեամբ կը կառուցէ իր երկրի շէն ու բարօր կեանքը։ Մեր մաղթանքն է, որ ձեր ղեկավարութեամբ բարեկամ Իրանը արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ եւ շարունակէ գովարժան ներդրում բերել տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման գործին։ Մեզի համար գոհունակութիւն է նաեւ, որ մեր երկու ժողովուրդներու երկարամեայ բարեկամութիւնը այսօր կը շարունակէ ամրանալ մեր պետութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեամբ», նշեց Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորականին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը նոյն առթիւ Իրանի հաւատաւոր ժողովուրդին մաղթեց ապահով խաղաղութիւն, իսկ նորընտիր նախագահին՝ Բարձրեալի մշտական զօրակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021