ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին Թեմական պատգամաւորական ժողովը առաջնորդի պաշտօնին մէջ անհրաժեշտ դարձուցած էր հերթի փոփոխութիւն մը։ Ժողովը առաջնորդ ընտրած էր Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Պարսամեանը, որու ընտրութիւնը վաւերացուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Պարսամեանի պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նորընտիր թեմակալ առաջնորդը գաւազանը ստացաւ ձեռամբ իր նախորդին՝ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի։ Հայր սուրբը, որ իր սերունդի եկեղեցականներու շարքին կ՚առանձնանայ գերազանց պատրաստութեամբ եւ կարողութիւններով, Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօնին ձեռնարկած է հաւատացեալներու անվերապահ զօրակցութեամբ եւ համակրանքով։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պաշտօնակալման արարողութեան ընթացքին նորընտիր առաջնորդը տուաւ նաեւ իր անդրանիկ պատգամը հաւատացեալներուն եւ թեմի շրջանակներուն։

Կրօնական արարողութենէն վերջ առաջնորդարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022