ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով աւագ խորհրդական Ռուդիկ Հիւսնունցը։ Նորին Սրբութեան համապատասխան սրբատառ կոնդակի ընթերցումէն վերջ պարգեւատրեալը հանդիսաւորապէս ստացաւ իր շքանշանը։ Ան այս առթիւ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։ Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Արցախի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, որ ընթերցեց Հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Աւ. Քհնյ. Աւետիսեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022