ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի՝ Աշոտ Երկաթի խաչը, որու մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան տեղեկացուց այս մասին եւ յայտնեց, որ այդ խաչով, հոգեւորականներու հետ, գնդերէցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Անդաստան։ Օրհնուած են հայոց աշխարհի չորս կողմերը եւ հայոց բանակը՝ ի նպաստ խաղաղութեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020