ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին պարգեւատրեց Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ՝ որպէս հրապարակագիր։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ Հրայր Ճէպէճեանին շնորհեց Կիլիկեան Աթոռի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը՝ բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւններն ու մտաւորական աշխատանքը։

Մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ մեծարեալին շքանշանը շնորհեց՝ համապատասխան կոնդակի ընթերցման զուգահեռ։

Հուսկ, սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հրայր Ճէպէճեան, որ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021