ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան շաբաթավերջին արժանացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ տուչութեան հանդիսավարութիւնը։ Այս առթիւ Քուէյթ այցելեց Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, որ եղած էր այդ թեմի առաջին առաջնորդը։ Խարտաւիլակն էր Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը շնորհեց ծայրագոյն վարդապետութեան տասն աստիճանները, գաւազանները եւ վարդապետերու կատարեալ իշխանութիւնը։ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան այս առթիւ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին յորդորներ ուղղեց թեմի երիտասարդ կաթողիկոսական փոխանորդին։ Իր կարգին, Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանն ալ սրտի խօսք մը արտասանելով՝ ընդգծեց իր երախտագիտութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսին նկատմամբ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հայր սուրբը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ եւ ընդունեց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։ Առաջնորդարանին մէջ սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան՝ տեղւոյն տիկնանց յանձնախումբի պատրաստութեամբ։

Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամենափայլուն երիտասարդ միաբաններու շարքին է։ Իսկական նուիրեալ մը, օժտուած մարդկային առաքինութիւններով եւ կատարեալ մտաւորական պատրաստութեամբ, հայր սուրբը կը խոստանայ օգտաշատ ու բազմակողմանի ծառայութիւն՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը՝ մաղթելով նոր նուաճումներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021