ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍԻ ԿՈՂՄԷ ՆՈՒԷՐ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յատկանշական յուշանուէր մը յանձնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան տեղեկացուց, որ Մահմուտ Ապպաս վերջին օրերուն ընդունած է Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը՝ հայոց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։ Ան այս առթիւ Նորին Ամենապատուութեան նուիրած է՝ թանկարժէք քարերէ պատրաստուած Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի նկարը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020