ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը շրջապատեցին ատենապետ Սարգիս Չեթինքայայի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներն ու թաղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024