ՇԻՇԼԻԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՏՐԱՆ ՕԾՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան՝ վերանորոգեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան օծման ու վերաբացման։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օծումը կատարեց՝ իր շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ հայրեր։ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզ մըն ալ խօսեցաւ գողտրիկ մատրան մէջ։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնք յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ջերմօրէն շրջապատեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ արժանանալով անոր բարձր գնահատանքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024