ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՂԱՅ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՎՐԱՅ

Առաջնորդարանի բակը արդէն իսկ հասած ենք եւ առաջին զգալի տեսքը դալարապատ շրջակայքն է։ Առաջնորդարանը կը գտնուի այնպիսի ձորի մը մէջ, որուն վերեւի բնութիւնը արդէն իսկ կը ներկայանայ իր ծառերով ու ողջ բնութեամբ։ Իսկ առաջնորդարանի համալիրի պարտէզը միութիւն կը կազմէ արտաքին գեղեցկութեան հետ, երբ ձայնը կը լսուի նաեւ մերձաւոր Վանաձոր գետին եւ թռչուններուն։ Բաց աստի, պարտէզին մէջ կը գտնուէին խաչքարեր, ինչպէս նաեւ վարպետ Մեհրաբ Միրզախանեանի կողմէ պատրաստուած քանդակազարդ պատմական աղբիւր յուշարձանը։

Երբ Զաքարեան փողոցը մտած էինք, արդէն իսկ հեռուներէն տեսանելի դարձած էր շքեղ առաջնորդարանին տանիքը, բան մը որ կը տարբերէր շրջակայից բոլոր շէնքերէն։ Իսկ երբ համալիրին մէջն ենք, աւելի զգալի կը դառնայ եզականութիւնը։ Կարծէք եւրոպական ամրոց մը ըլլար այս քարեղէն կառոյցը։ Սակայն երբ շէնքի պատմականին մասին լսեցի, արդէն իսկ յայտնի կը դառնար, թէ ինչ էր այն պատճառը, որ շէնքը շքեղութեամբ կը ներկայանար որպէս աչքառու կառոյց։

Առաջնորդարանի շէնքը անցեալին եղած էր յայտնի մեծահարուստ Ալեքսանդր Թայիրովի ամարանոցը, որ կառուցուած էր 1895-ին։ Ժամանակին շէնքը արդէն իսկ կիսաքանդ վիճակի հասած է։ Իսկ 1999-ին Առաջորդ Սեպուհ Սրբազանի ջանքերուն որպէս հետեւանք երբեմնի ամարանոցը ձեռք կը բերուի Գուգարաց թեմի կողմէ ու ի հիմանէ վերանորոգութեան աշխատութիւններէ յետոյ 2000-ին գործել կը սկսի որպէս Գուգարաց թեմի առաջնորդարան։ Այս յամառ աշխատութիւնը կ՚անմահանայ առաջնորդարանի մէջ զետեղուած յիշատակարանով. «ՅՈՅԺ ՑԱՆԿԱՑԱՅ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ԿԱՌՈՅՑՆ ԶԱՅՍ, ԹԷՊԷՏԵՒ ԷՐ ԽԱՐԽՈՒԼ ՍԱՍՏԻԿ ՎՆԱՍՈՒԱԾ, ԳՆԵՑԻ ԶԱՅՆ ՅԵՏ ՃԳՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐԻՑ ԱՄԱՑ ՆՈՐՈԳԵԱԼ ԿԱՀԱՒՈՐԵՑԻ ՇՈՒՐՋ ՊԱՏԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑԵԱՒ, ՊԱՐՏԻԶԻՒ ԵՒ ԽԱՉՔԱՐՕՔ Ի ՎԱՅԵԼՈՒՄՆ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՅԱՋՈՐԴԱՑ, ՍԵՊՈՒՀ ԵՊՍ. ՉՈՒԼՋԵԱՆ, ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 2000 թ.»։

Այստեղ պէտք է նշել, թէ Գուգարաց թեմը, 1990-ին, երանաշնորհ Վազգեն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հաստատուած է։ Իսկ, 1996-ին երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ սրբատառ կոնդակով Վանաձոր քաղաքը կեդրոն ունենալով վերակազմակերպուած է եւ առաջնորդ նշանակուած՝ Սեպուհ Վարդապետ Չուլճեանը, ապագայի Սեպուհ Սրբազանը։ Այլապէս, թեմական կառոյցը թափ ստանալ սկսած է այս թուականէն սկսեալ եւ առաջնորդարանի շէնքի կառուցումը նշաններէն մին է վերազարթման։ Առ այդ, մօտաւորապէս 25-ամեայ ծառայութեան աւարտին նոյնացած է թեմի հետ եւ յետ վախճանման թաղուած է նաեւ իր իսկ կառուցած առաջնորդարանի բակը։ Այս առիթով հանգստեան աղօթք մը արտասնելէ յետոյ ուղղուեցանք դէպի առաջնորդարան։

Առաջնորդարանի առջեւը կառուցուած էր փոքր սակայն սիրուն աւազան մը, իսկ շէնքի ներքեւը կը գտնուէր կիսաշրջանաձեւ գաւիթ մը, որուն երկու կողմերէն աստիճաններով բարձրանալու հնարաւորութիւնը կար։ Երկրորդ յարկը եւս բարձրացած կիսաշրջանակ պատշգամ մը կար, որ ամրացած էր շէնքի գաւիթին։ Իսկ միւս կողմէ շէնքի ամենէն բարձր ճակատին վրայ զետեղուած էր Գուգարաց թեմի զինանշանը։ Բաց աստի, առաջնորդարանի անկիւնը կը գտնուէր Ս. Սարգիս եկեղեցին, որուն մասին աւելի ընդարձակ պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ։

Առաջնորդարանի աստիճաններէն կամաց կամաց բարձրացանք ու հասանք դէպի առաջնորդարանի պաշտօնական ընդունարանը, ուր օրհնութիւնը ստացանք այժմու առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի։ Այս յարկաբաժնին մէջ եւս յիշատակարանները զգալի էին, բան մը որ ապացոյցն էր, թէ նախկին ժամանակներուն առաջնորդարանը վայելած էր Հայաստանէ եւ յատկապէս արտասահմանէ բազմաթիւ բարերարներու օժանդակութիւնները։ Իսկ պէտք է յիշել, թէ երանաշնորհ Սեպուհ Սրբազանի օրով պոլսահայ ազգայիններ առիթն ունեցան աւելի ծանօթանալու թեմին եւ իրենց ներդրումը բերել թեմական կեանքին։ Շատ անգամ լսած էի այս համալիրի մասին, սակայն առաջին անգամ առիթը կը ստեղծուէր, որ մօտէն ականատեսը դառնայի հոգեւոր ու մշակութային գործունէութեան։

Առաջնորդարանին մէջ սրբազան հօր հետ զրուցելէ յետոյ, իր իսկ առաջնորդութեամբ ուղղուեցանք դէպի «Ծիծեռնակ ճամբար»։ Առաջնորդարանի առջեւէն ճամբայ ելանք եւ մօտաւորապէս 10 վարկեանի մէջ արդէն իսկ հասած էինք մեր ուղեւորութեան նպատակակէտին։ Նախ քաղաքին մէջէն ուղիղ ընթացանք, իսկ յաջորդիւ Աբովեան փողոցէն միացանք այն քովընտի ճանապարհին, որ ծառերուն ու լեռներուն տեսարանով առաջնորդեց մեզ դէպի ճամբար։ Իսկ գեղեցիկը այն էր, թէ բացի ճամբարի համալիրէն, ուրիշ բնակարան մը եւ կամ գործատեղի մը չկար շրջակայքը։ Այլ խօսքով՝ իր նպատակին համար առանձնացած յատուկ վայր մը եկած էինք։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ ՃԱՄԲԱՐԸ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆՈՎ

Հայաստանի Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքի գրեթէ ամենէն ծանօթ հաստատութիւններէն է «Ծիծեռնակ ճամբար»ը, որուն մէջ ամէն տարի Հայաստանի զանազան մարզերէն եւ սփիւռքէն բազում մանուկներ ամրան շրջանին կը կազդուրուին։

Ճամբարի հիմնական առաքելութիւնն է ամրան շրջանին մանուկներուն եւ պատանիներուն հարազատ մթնոլորտ մը ստեղծել եւ անոնց հայեցի դաստիարակութիւն մատուցանել։ Այս շրջագիծով հաստատութիւնը ունի նաեւ կրթադաստիարակչական առաքելութիւն մը եւս։ Յատկապէս ընկերային ու նիւթական պայմաններով տկար ընտանիքներու զաւակները այստեղ փութալով հաճելի պահեր կ՚անցնեն, իրենց ընկերներով միատեղ։ Իսկ տարուայ ընթացքին ընդհանուր թիւով աւելի քան 1500 մանուկներ կ՚օգտագործուին ճամբարի հնարաւորութիւններէն։ Մանուկներ այստեղ առիթը կ՚ունենան նաեւ մշակութային մարզէն ներս յառաջանալու, ինչպէս նաեւ ամբարելու կրօնական գիտելիքներ։ Երաժշտութիւնը, պարը, թատրոնը, աղօթքը, խաղերը իրար կը խառնուին այս հարազատ մթնոլորտին մէջ։ Բաց աստի, ճամբարին կից կը գտնուի նաեւ «Հրանդ Տինքի անուան Կռունկ ճամբար»ի մասնաշէնքը, որուն գործածութեամբ հսկայ կառոյցը առաւել եւս բազում պատանիներու հիւրընկալ դարձած է։

Ճամբարը, 1998-ին կը գտնուէր Գուգարաց թեմի իրաւասութեան ներքեւ, սակայն շէնքը խարխուլ վիճակի մէջ էր։ Թեմական առաջնորդ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսի ջանքերով կառոյցը ընհանուր նորոգութեան ենթարկուած է եւ շուրջ երկու տարուայ աշխատութիւններէ յետոյ 2000-ին վերանորոգեալ ճամբարի բացումը տեղի ունեցած է։ Այս բացումը նաեւ առիթ դարձած է, որ հաստատութիւնը վերանուանուի «Ծիծեռնակ» հոգեւոր ճամբար անունով։

Ուզեցի պատմական ակնարկով մը սկսիլ ճամբարի գործունէութեան, վասնզի կարեւոր էր գիտնալ զուտ մանկանց նուիրուած կառոյցի մը սկզբնաքայլերը եւ առաքելութեան ծանօթանալ եւ ծանօթութիւններու շուքին ներքեւ արժեւորել գործունէութիւնը։ Պաշտօնական պատմական մըն է սա, զոր սկսած է 2000-ի մերձաւոր տարիներուն եւ արդէն գրեթէ 25 տարիներ անցած պիտի ըլլան ի մօտոյ առաջին քայլերուն նետուելէն սկսեալ։ Իսկ, ի՞նչ էր այդ առաջին շարժառիթը, որ յաջողեցաւ գործի լծել առաջնորդ մը եւ իր կողքին բարերարները։ Նախապէս բազմիցս լսած էի այս մասին եւ կ՚ուզեմ վերյիշել այդ հիմնական դրդապատճառը, որ պաշտօնական պատմականէն ալ աւելի կարեւորութիւն ունի, ըստ իս։

Սեպուհ Սրբազանի պատանեկան տարիներուն, Կիւմրի քաղաքի մէջ 1970-ական թուականներուն անդամը եղած է բազմաշատ անդամներէ կազմուած ընտանիքի մը։ Այդ շրջանին լսած էր մանուկներու համար ճամբարի մը գոյութիւնը եւ քանի ամրան շրջանը շատ ձանձրացուցիչ կ՚անցընէր, պատանեկան խանդով փափաքած էր երթալ այդտեղ։ Սակայն կար հարց մը, քանի ընտանիքին միակ զաւակը չէր եւ ընտանիքի նիւթական պայմանները այնքան ալ թոյլատու չէին զինքը նման ճամբար մը ուղարկելու։ Ինք քանի շատ կը փափաքէր, ձեւ մը եւ կերպ մը կը գտնէ ու նոյնիսկ առանց ընտանիքի իմաց տալու կը փորձէ ճամբար երթալ, սակայն երբ վերադարձին ի յայտ կը դառնայ իր պատանեկան խաղը, տան մէջ սաստիկ յանդիմանութեան առարկայ կը դառնայ եւ անշուշտ կը զրկուի ճամբարի ուղիէն ու զուարճանքէն։ Այդ օրէն ի վեր քանի ինքը զրկուած էր նման ուրախութենէն, ինքն իրեն կ՚ուխտէ, որ օր մը պիտի հաստատէ ճամբար մը եւ այդ մէկը պիտի ըլլայ անվճար, որպէսզի բոլոր մանուկները, որոնք կը փափաքին փութալ այդտեղ, համախմբուին եւ չզրկուին ճամբարի մը մթնոլորտէն։ Ահա, այս ուխտը կեանքի կոչելու տրամադրութեամբ ճամբայ ելած էր Գուգարաց թեմէն ներս եւ յետ բացման՝ ճամբարը արդարացուցած էր իր իտէալը։ Ահա պատանեաց երջանկութիւնը անշուշտ կը դառնար նաեւ հոգեւոր առաջնորդի մը մխիթարականին։ Իր իսկ խօսքերով, այս ճամբարը պատահական արդիւնք մը չէր։ Շատ մտածուած երկար տարիներու մտա-յըղացման, երազանքի ու տեսիլքի արդիւնքն է։

ՊՈԼՍՈՅ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԿԸ ԽՕՍԻ՝ ԾԻԾԵՌՆԱԿ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄՕՏ

Երբ ճամբարի արտաքին դռնէն ներս մտայ, արդէն իսկ մթնոլորտը առաւ զիս եւ տարաւ դէպի Գնալը կղզիի բարձունքը եւ ակամայ վերյիշեցի Պոլսոյ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի իտէալը, հանդէպ՝ կարօտեալ պատանեաց։ Սրբազանը արդէն իսկ Շնորհք Պատրիարքը ընկալած էր իր տիպար հոգեւորականներէն մին եւ ճամբարական պատմութիւնը նմանութիւններ ունէր Շնորհք Պատրիարքի տեսլականին հետ։ Առաջին հերթին համալիրին արտաքին կառուցուածքը երբ տեսայ, արդէն իսկ այս նմանութիւնը աւելի խօսուն կը դառնար։

1965 թուականին էր, որ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի օրով Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գործող մանկանց ճամբարը, աւելի արդիական եւ ընդարձակ տեսքով բարձրանայ Գնալը կղզիի բարձունքը։ Նոյնն էր նպատակը, այսինքն կարօտ ընտանիքներու մանուկներու եւ պատանիներու եւ կամ ծնողազուրկ մանուկներու համար դառնալ կազդուրման վայր։ Այս վայրին կից պիտի գտնուէր նաեւ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրը, ուր մանուկներ առիթը պիտի ունենային աւելի հանգիստ խաղալու եւ հանդէսներ կազմակերպելու։ Սրբազան նպատակ մը, որ աւելի քան 50 տարիներ գործեց Գնալը կղզիի հայահոծ մթնոլորտին մէջ եւ արժանացաւ համայնքին յատուկ ուշադրութեան եւ խնամքին։

Իսկ ի՞նչ էր այն շարժառիթը, որ Շնորհք Պատրիարքը առաջնորդեց այս կոթողը հաստատելու։ Ինք դժբախտ մանկութիւն մը ապրած ըլլալուն՝ բազմիցս զրկուած էր մանկական ժպիտէն։ Քանի քանի անգամներ զրկուած էր խաղալիքէ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտէ եւ որպէս հետեւանք չէր գիտեր, թէ ինչ կը նշանակէ մանկութիւն եւ կամ պատանութիւն։ Սակայն կեանքը այնպէս մը բերած էր, որ ինք օր մը կեանքի կոչէր ծրագիր մը, որով դժբախտ մանուկներ հայեցի մթնոլորտի մէջ գտնեն իրենց մխիթարութիւնը։ Իր հիմնական նշանաբանն էր հետեւեալը. «Ես զրկուեցայ, սակայն մանուկներս չզրկուին»։ Ահա այս նշանաբանով բարերարներով միատեղ կեանքի կոչեց «Կազդուրման կայան»ի սուրբ ծրագիրը եւ յաջորդիւ դարձաւ կայանի մանուկներուն «Սրբազան հայրիկ»ը։

Կազդուրման կայանը մասնիկը դարձած էր Գնալը կղզիի եռոտանիին, այսինքն կը համալրուէր Պատրիարքարանի ամառնային շէնքին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։ Այս մէկը առիթ կը դառնար, որ Շնորհք Պատրիարք կղզիի կեցութեան օրերուն բազում առիթներով ապրէր կայանի առօրեան, ցոյց տալով, թէ ինք հովուապետն էր նաեւ այս կառոյցին։ Մանկանց շրթներէն ելած հայերէնը, իրենց երգած երգերը, իրենց հսկիչներուն հոգածութիւնը, իրենց ամբողջ էութեամբ Շնորհք Պատրիարքին կողմէ կը քննուէր։ Իսկ անշուշտ, թէ մանկանց համախմբումը միշտ առիթ եղած էր պոռչտուքի եւ անոնք որոնք անտեղեակ եղած էին երանաշորհ Պատրիարքի հոգեվիճակին, միշտ զարմացած էին, թէ ինչպէս բարձրաստիճան անձ մը կը դիմանար այս աղաղակներուն։ Միթէ բնաւ անհանգիտս չէ՞ր ըլլար։ Նոյնիսկ երբեմն կը փորձէին մանուկներուն ըսելու, որ քիչ մը անձայն ըլլան եւ անհանգիստ չընեն Սրբազան Հայրը։ Իսկ, Շնորհք Պատրիարք կ՚ազդարարէր նման մերձեցումի տէր անձերը եւ կը շեշտէր, որ թոյլ տան մանկանց, որպէսզի հանգիստ խաղան։ Աւետարանական պատգամի մէջ Յիսուս Քրիստոս կը յանդիմանէր այն անձերը, որոնք մանուկներու իրեն մօտենալուն կը միջամտէին (Մտթ 19.14), իսկ Շնորհք Պատրիարք այս պատգամը կեանքի կոչելով կը յանդիմանէր այն անձերը, որոնք մանուկներու ձայներուն արգելք ըլլալ կը փորձէին։ Իսկ հուսկ՝ նման պարագաներու իր պատգամը կ՚ըլլար հետեւեալը. «Թոյլ տուէ՛ք մանկանց, որովհետեւ իրենց ձայնը փոխանակ անհանգստացնելու, զիս կը խաղաղեցնէ։ Այն պոռչտուքէն որ ես զրկուեցայ, գոնէ անոնք չզրկուին»։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԷՋ ԿԸ ՇՐՋԻՆՔ

Ահա կը շրջինք «Ծիծեռնակ ճամբար»ի մէջ։ Արտաքին դռնէն ներս մտնելէ յետոյ արդէն իսկ ձախակողմը տեսանելի է հսկայ շէնքը, որ մանկանց կացարանն է։ Պատուհաններու ձեւերը, փեղկերը, ընտրուած կապոյտ եւ ճերմակ գոյները՝ նմանութեամբ Կազդուրման կայանին։ Սակայն պէտք է յայտնել, թէ երկյարկանի այս շէնքը աւելի ընդարձակ է։ Շէնքին առաջին յարկը կ՚օգտագործուէր որպէս սեղանատուն, իսկ վերեւի յարկերը որպէս ննջարան եւ հաւաքավայր։ Պատերու վրայի նկարներով, յիշատակներով, արդէն իսկ տեսքը ունէր ապրող հաստատութեան մը։ Պատերուն վրայ ամենէն հետաքրքրական նկարն էր, 1998-ի ժամանակ ճամբարի նկարները, աշխատանքային նկարները եւ յաջորդիւ բարեզարդեալ հաստատութեան նկարները։ Սրբազանը ժամանակին դրախտավայր անուանած էր այս կառոյցը եւ շէնքի ամենէն վերեւէն եւս շրջակայքը դիտեցինք, համաձայնեցանք, թէ արդար ածական մըն էր այդ մէկը, ընդ հովանեաւ դալարապատ պուրակներու։

Երբ շէնքէն դուրս ելանք, ուղղուեցանք դէպի բաց խորան Սրբոց Մանկանց մատուռը։ Ճանապարհի վրայ կար փոքրիկ կամուրջիկ մը, որուն տակէն յատկապէս ամրան շրջանին գետի նման ջուր կը սուզուէր։ Քարակերտ էր մատուռը, որուն վրայ կը գտնուէր նաեւ կաթողիկէով զանգակատուն մը։ Իսկ մատուռի դիմացը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ մանուկներ միատեղ նստին եւ արարողութեան հետեւին։ Իսկ այս բաժնին կեդրոնը կը գտնուէր քարեղէն եպիսկոպոսական նախաթոռ մը։ Այս մատուռը հետաքրքրական էր, քանի Ս. Խորանի վերեւ գծագրուած էր որմնանկար մը, որուն մէջ բացի Քրիստոս Թագաւորէ, Ս. Աստուածածինէ եւ բազմաթիւ հայազգի սուրբերէ, նկարագրուած էին մանուկներ։ Իսկ որմնանկարի վրայ արձանագրուած էր սուրբգրային համարներ. «Թոյլ տուէք այդ մանուկներին եւ մի արգելէք որ նրանք ինձ մօտ գան…» (Մտթ 19.14), «Ահաւասիկ ես եւ իմ մանուկները, որ աստուած ինձ պարգեւեց…» (Ես 8. 18)։ Ամրան շրջանին այստեղ մանուկներու մասնակցութեամբ բացօթեայ Ս. Պատարագներ կը մատուցուին եղեր։ Իսկ մատուռի ճարտարապետը եղած է թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն Տ. Վահան Քհնյ. Ազարեան։ 2006-ին կերտուած այս մատուռը ունի նաեւ յիշատակարան մը, ըստ հետեւեալի. «Աստուծոյ անսահման ողորմութեամբ եւ հրամանով հոգելոյս ծնողիս Տ.Տ. Գարեգին Ա կաթողիկոսի սիրով ծառայեցի Լոռուա հաւատացեալ հօտին եւ ի սէր կարօտեալ մանկանց չարչարանքով վերակառուցեցի դրախտանման ճամբարային համալիրն ու կառուցեցի ադամանդանման Սրբոց Մանկանց մատուռն այս։ Շնորհակալ եմ, Տէ՛ր, որ մեղաւորիս դարձրիր հօտիդ սպասաւոր։ Թող օրհնեալ լինեն առատաձեռն ու ազնիւ բարերարներն ԱՄՆ-ից Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեանները, Եդուարդ եւ Թամար Նիզամեանները, Սարգիս եւ Ալիս Սեթեանները, Ժիրայր եւ Էլիզ Շահնազները եւ իմ գործակիցները։ Ամէնեցուն յիշեա՛ Տէր եւ ողորմեա՛ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեան Մալաթիացի. Փրկչական 2006 թ.»։

Մատուռէն դէպի վար երբ իջանք, տեսանք համալիր մը, ուր կը գտնուէին մանուկներու համար սարքուած խաղալիքներ։ Մանկանց այգիի մը տեսքը ունէր այստեղ եւ երեւակայեցի, թէ մանուկներ որքան կը զուարճանան երբ այստեղ կը խաղան։ Քիչ մը աւելի վարը կը գտնուէր մարզադաշտ մը, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի համար։ Այստեղը նաեւ ընդարձակ համալիր մը ըլլալուն կը գործածուէր նաեւ հանդիսութիւններու համար։ Յատկապէս ամրան սկիզբը եւ ճամբարի աւարտման ժամանակ այս վայրը կը դառնայ եղեր տօնավաճառի հրապարակի մը, երգերով, նուագներով, պարերով ու զանազան զուարճութիւններով։ Պէտք է ըսել, նաեւ թէ բնութեան հետ գիրկընդխառնուած միջավայրին մէջ երբ մանուկներ կ՚առանձնանան աշխարհի հոգերէն, առաւել եւս առիթը կ՚ունենան իրենց նմաններով միատեղ զուարճանալու եւ հաճելի պահեր ունենալու։

Սեպուհ Սրբազան այս համալիրին վրայ շատ յոյսեր ունէր եւ տակաւին մտայղացած էր բազմաթիւ ծրագիրներ, աւելի լաւը կերտելու համար։ Դժբախտաբար իր կեանքի վերջալոյսին դէմ յանդիման մնաց քորոնա կոչեցեալ համավարակի իրականութեան հետ եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ իր այնքան սիրելի ճամբարը վերջին անգամ տեսնէ անձայնութեան մէջ։ Համավարակը ազդեց տարիներ շարունակ մանկանց ծառայած այս հաստատութեան գործունէութեան եւս։ Իսկ միւս կողմէ, այցելութեան ընթացքին զգացի, թէ իր յաջորդը՝ Յովնան Սրբազան եւս յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այս ճամբարին եւ զայն առաւել եւս հասանելի եւ գործունեայ դարձնելու համար ունի ծրագիրներ։ Սրբազանը եւս մանկանց հանդէպ յատուկ սէր ունի եւ մանկանց պոռչտուքէն անհանգիստ չեղող իշխանաւորի իր տիպարը արդէն հաւաստիքն է բարեզարդման։ Տա՛յ Աստուած, որ համավարակի ազդեցութիւնը նուազի եւ Յովնան Սրբազան եւս «Ծիծեռնակ ճամբար»էն ներս կարողանայ իր ծրագիրները կեանքի կոչել ի փառս Եկեղեցւոյ, ի պայծառութիւն Գուգարաց թեմին եւ ի մխիթարութիւն պատանեաց։

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Առաջնորդարանէն գրեթէ 2 վայրկեան հեռաւորութեամբ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Նարեկացի առաջնորդանիստ եկեղեցին, զոր 2005-ին կառուցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ յետ օծման դարձած՝ առաջնորդանիստ տաճար Գուգարաց թեմի։ Մոխրագոյն քարերով կառուցուած տաճարը նմանողութիւններ ունի Գայիանէ վանքի հետ, որուն մուտքը գրեթէ յար եւ նմանն է վանքին։ Եկեղեցին ունի երկու գմբէթներ, որոնցմէ մին զանգակատան վերապահուած է։ Իսկ մայր գմբէթը այնպէս մը կառուցուած է, որ իր լուսամուտէն եկեղեցի լոյս ճառագայթէ։

Նախքան եկեղեցի մտնելը, եկեղեցւոյ ճակատին կը տեսնուի փորագրուած յիշատակարանը, որուն մէջ արձանագրուած է հետեւեալը. «ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԱՌ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԶԱՒԱԿՍ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՄԵՐՈՅ ԵՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՅՍ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՌ ԲԱՐԵՊԱՇՏ ԵԿԵՂԵՑԱՍԷՐ ԵՒ ԱՌԱՔԻՆԱԶԱՐԴ ԱՄՈԼՆ ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՌՈՒԹ ԲԵԴԵՒԵԱՆ ՆԻՒ ՋԵՐՍԻ ԱՄՆ ՈՐՔ ԶՕՐԱՑԵԱԼ ՇՆՈՐՀՕՔՆ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ՍՐՏԱԲՈՒՂԽ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՌՈՒՑԻՆ ՇՔԵՂԱԶԱՐԴ ԵԿԵՂԵՑԻՍ Ի ՎԱՆԱՁՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵԾԻ ՍՐԲՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ՆԱՐԵԿԱՑՒՈՅՆ ՅԱՄԻ ՀԱԶԱՐԵՐՈՐԴԻ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԵՆԻ ՈՂ-ԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ Ի ԹՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ ՌՆԾԴ ԵՒ ՅԱՄԻ ՓՐԿՉԱԿԱՆ 2005 ՎԱՍՆ ՎԵՐԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ - ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵՆԱՑ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԱՍԷՐ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ։ ՈՂՈՐՄԵՍՑԻ ՏԷՐ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԻՒՐ ԱՆՆՈՒԱԶ ՍՓՌԵԱԼ ՊԱՀԵՍՑԷ Ի ՎԵՐԱՅ ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՌՈՒԹ ԲԵԴԵՒԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐԱՑՆ ԱՌԱՔԵԼԱՀԱՍՏԱՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՄԵՐՈՅ ՀԱՆԱՊԱԶ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՎ ԶՍԻՐԵՑԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՍ ՆՈՑԱ ԸՆԴ ՀՈՎԱՆԵԱՒ ԱՄԵՆԱԶՕՐ ԵՒ ԱՄԵՆԱԽՆԱՄ ԱՋՈՅՆ ԻՒՐՈՅ. ԱՄԷՆ։ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ»։

Յաջորդիւ մտանք եկեղեցի եւ մեր առջեւ սփռուեցան որմնանկարներու հարուստ ու ընտիր աշխատութեանց հաւաքածոյ մը։ Ս. Խորանը, պատերը, վերնատունը, ամէն տեղ այլ խօսքով, որմնանկարներ կային՝ թէ՛ Տէրունական եւ թէ՛ սուրբերը նկարագրող։ Եկէ՛ք, վերյիշենք անոնցմէ ոմանք։ Դեղնորակ քարերէ կառուցուած Ս. Սեղանը եւ մոխրագոյն քարերով Ս. Խորանը աւելի գեղատեսիլ կը դառնար խորանի կեդրոնը գծագրուած հրեշտակներէ գովաբանեալ Քրիստոս Թագաւորի որմնանկարով։ Իսկ միւս կողմէ խորանի պատը մէկ ծայրէ դէպի միւս ծայրը լեցուած էր սրբանկարներով։ Ս. Սահակը, Ս. Մեսրոպը, Վռամշապուհ թագաւորը, Ս. Հռիփսիմէն, Ս. Գայիանէն, Ս. Տրդատը, Ս. Աշխէնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ս. Բարթողիմէոսը, Ս. Թադէոսը, Ս. Աբգարը, Ս. Ներսէս Մեծը, Ս. Ղեւոնդը, Ս. Վարդանը, Ս. Յովհան Օձնեցին, Ս. Գրիգոր Նարեկացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին նկարագրուած էին այդտեղ։ Վերնատան ճակատը նկարագրուած էին Յիսուսի վերջին ընթրիքէն եւ Գեթսեմանիի աղօթքէն դրուագներ։ Բաց աստի իրենց հսկայ տեսքով նկատելի էին Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան բացառիկ դրուագները։ Գեղեցիկն այն էր, թէ նկարները լուսաւոր գոյներով պատրաստուած էին, հետեւաբար մոխրագոյն պատի վրայ թէ՛ աւելի կը լուսաւորուէին եւ թէ՛ աւելի յստակ կը դառնային։

Ս. Խորանին կեդրոնը կանգնած էր խաչքար մը, իսկ դասին մէջ պատկառազդու տեսք ունէր կաթողիկէով զարդարուած առաջնորդական փայտեայ գահաւորակը, զոր Սեպուհ Սրբազանի առաջնորդութեան 10-ամեակին առթիւ պատրաստուած էր բարերարի մը կողմէ։ Իսկ այս բոլորին մէջ եկեղեցւոյ ձախակողմեան պահարանին մերձաւոր 2012-ին կառուցուած Ս. Գրիգոր Նարեկացի մատուռը յատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի ընծայուած էր այն սուրբին, որուն անունը կը կրէր տաճարը։ Այս յատկանշական մատուռի ճակատը կը գտնուէր Ս. Նարեկացիի սրբապատկերը, հանդերձ կանթեղով։ Այս վայրը փոքրիկ մատուռ մը ըլլալով հանդերձ ի խորոց սրտի աղօթքի առաջնորդող յատուկ զօրութիւն մը ունէր, որ կը կարծեմ, թէ այս մէկը կը բղխէր Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն։ Վասպուրականի շրջանի աղօթախառն մեներգիչին յօրինած տաղերը եւ իր սրբակենցաղ հոգիէն բղխած աղօթքները արդէն իսկ կը մտածէի պահ մը, որմէ յետոյ արդէն մօտեցայ Աւագ Խորանին առջեւ եւ աքուստիքը այնքան գեղեցիկ տաճարին մէջ երգեցի «Տէր ողորմեա»։ Այս պահն էր, որ վերյիշէի Սենեքերիմ թագաւորի կողմէ հաստատուած Ակնայ մերձաւոր Ս. Նարեկի վանքը, որուն մէջ փոխադրուած էին Ս. Նարեկի մասունքները եւ վանքի համալիրը դարեր շարունակ ծանօթ եղած էր իր գերբնական զօրութեամբ եւ հրաշքներով։ Յատկապէս կը յիշատակեմ այն սրբավայրը, նկատի ունենալով, որ մեծ մայրս՝ Մաքրուհին ապուչեխցի ըլլալուն, ականատեսներէն էր շրջանի մէջ «Արակա Պապա» անունով ծանօթ երբեմնի վանքին ու լսողներէն՝ հրաշագործ զօրութեան։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ յատուկ յիշատակութեամբ կը մօտենամ Ս. Նարեկացիին, անպայման նախ կը յիշատակեմ այս սրբավայրը եւ յաջորդիւ դարեր շարունակ այս վանքին ծառայած վանականները։

Տիրոջ ողորմութիւնը երբ կը հայցենք այս պահուն, որքան խորհրդանշական է աղօթել Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բարեխօսութիւնը եւս խառնելով մեր աղօթքներուն, երբ կը յիշենք սուրբ մը, որուն պաղատանքը կը սկսի «Ձայն հառաչանաց հեծութեան ողբոց սրտից աղաղակի Քեզ վերընծայեմ, տեսողդ գաղտնեաց» (ԲԱՆ Ա) խօսքերով։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ շատ հազուագիւտ լսած եմ այս սուրբ վարդապետին ընծայուած տաճարներու ներկայութիւնը։ Հետեւաբար, Ս. Գրիգոր Նարեկացի առաջնորդանիստ տաճարը, այս յատկանշական ներկայութեամբ արդէն իսկ տեղ գտած է ուխտաւորներուս մտքին մէջ։ Երբ եկեղեցիէն կը բաժնուինք, մեր աղօթքը կ՚աւարտենք ըստ հետեւեալի. Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն նշանաւոր վարդապետներէն Ս. Գրիգոր Նարեկացիին բարեխօսութիւնը մեզ հետ թող ըլլայ. ամէն։

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Մեր յաջորդ կայանը եղաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ նախքան Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ կառուցումը՝ եղած է առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Կառուցուած է 1831-ին եւ շրջակայից շէնքերն ու ճանապարհները իսկ չեղած ժամանակ, ինք եղած է Վանաձորի ժողովուրդի աղօթատեղին, իր կողքին ունենանով լեռներն ու ձորերը։

Սեւ եւ նարնջագոյն քարերէ կառուցուած եկեղեցին ունի կաթողիկէ մը, իսկ ժամանակին եկեղեցին առաւել եւս ընդարձակուած է, որով ունեցած է գաւիթ մը։ Գաւիթի դրան վրայ կը գտնուի յիշատակարան մը, որ կը ներկայացնէ գաւիթի եւ մոմավառութեան փոքրիկ մատուռներու շինարարութիւնը. «ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՌՈՒՑՒԵՑԻՆ ՍԲ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵՒ ՍԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՏՈՒՌՆԵՐԸ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՕՔ ԱՐԴԵԱՄԲ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ԽԱՉՔԱՒՈՐ ԱՐՄԷՆ ՄԽՈԵԱՆԻ՝ ԱՌ Ի ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՁՐԵԱԼԻՆ՝ 2012 Թ.»։

Գաւիթէն դէպի եկեղեցի առաջնորդող դրան վրայ կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը, որով յայտնի կը դառնայ եկեղեցւոյ կառուցման մանրամասնութիւնները. «Ի թագաւորութեան Ռուսաց Նիքոլայ Փաւլովիչին եւ ի Հայրապետութեան Ամենայն Հայոց Տ. Ն. Եոհանն Բ Կաթողիկոսին 1831թ. շինեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ եկեղեցիս Յանուն Սուրբ Աստուածածնայ եւ յառաջնորդին մերոյ Յարութիւն վարդապետին, եւ յառաջ ի շարժմանէ փլուցաւ որ քար քարի վերայ [որ] ոչ մնաց, այժմ ողորմութեամբն Աստուծոյ ես Փիլումեան Իւզբաշս օգնականութեամբն ամենայն ժողովրդոց վերստին նորոգեցաք»։

Նոյն դրան վրայ կը յիշատակուին նաեւ այլ բարեպաշտ անձինքն, որոնք նպաստած են պատմական եկեղեցւոյ կառուցման. «Յիշատակ է տուած Սուրբ Աստուածածնայ 15 թուան Շամքորեցի Իշխանաց Սարգիս Աղէն, Մկրտիչ Աղէն, Աղամալ Աղէն, յիշատակ է տուած Սուրբ Աստուածածնայ հինգ թուման Գեղամեան Տէր-Սամուէլի որդի Աւետիք, յիշատակ է Ա ջահ, Բ աշտանակ Օհաննէս Սիմոնով, յիշատակ է Եղնանց Սօլօմոն՝ երեք թուման, յիշատակ Տէր-Ղաջամեան Աւետիք՝ Բ թուման, էլի Շամքորեցի բարեպաշտ անձինք տուին տասնհինգ թուման յիշատակ Սուրբ Աստուածածնայ»։

Ըստ աւանդութեան աւելի առաջ այստեղ եղած է եկեղեցի մը, սակայն մեծ երկրաշարժ մը պատահած է եւ որպէս հետեւանք քար քարի վրայ չէ մնացած։ Սակայն Փիլուման Թայիրեանի նիւթական մեծ ներդրումով ու ջանասիրութեամբ հին եկեղեցիին քարերը օգտագործուելով կը կառուցուի այժմու եկեղեցին։ Ընդարձակեալ տեսքով գաւիթն ու մոմավառութեան մատուռները սակայն այնպէս ճաշակով մը սարքուած են, որ կարծես եկեղեցւոյ առաջին իսկ մէկ օրէն այդտեղ ըլլային։ Թէ՛ գոյներով եւ թէ՛ ճարտարապետութամբ ամբողջացնողն էր պատմական եկեղեցին։ Այս բաժնի վրայ եւս բարձրացած է կաթողիկէով հանդերձ զանգակատուն մը, որ եւս նմանողութիւնը ունի պատմական եկեղեցւոյ զանգակատան։ Բաց աստի եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած էր երիցատուն մը։

Եկեղեցւոյ ներքինը սակայն առաւել եւս պատմական կը բուրէր իր տեսքով քան թէ արտաքինը։ Քարեղէն սիւները որոնց վրայ կը բարձրանար կաթողիկէ գմբէթը՝ ցոյց կու տային, թէ եկեղեցին աւելի քան հարիւր տարեկան է։ Իսկ նմանողութեամբ Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ, այստեղ եւս որոշ բաժինները որմնանկարներով զարդարուած էին եւ մոխրագոյն քարերու վրայ կը փայլէին։ Այստեղ եւս Ս. Խորանի վերեւը նկարուած էր գահուն վրայ բազմած Քրիստոս Թագաւորը, որ կը փառաւորուէր հրեշտակներու գունթերու կողմէ։ Արդիական սակայն նոյնքան աւանդական այս որմնանկարներու հովանիին ներքեւ անշուշտ, թէ՝ պատմական Ս. Սեղանը որպէս արժէքաւոր հնութիւն կը ներկայանար իր քարեղէն կառուցուածքով։ Կային որմնանկարներ եւս, որոնք սիւներուն վրայէն կը բարձրանային դէպի գմբէթ։ Նկարուած էին չորս Աւետարանիչները, Թարգմանչաց սուրբերն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու քրիստոնէացեալ արքունիքը։

Այս եկեղեցին եւս ունէր աջակողմեան եւ ձախակողմեան պահարաններ։ Իսկ եկեղեցւոյ ատեանը յատկապէս շէնշողական ճաշակով պատրաստուած էր, քանի յատուկ քարեր միանալով Ս. Խաչի նշան մը կազմած էին։ Բացի որմնանկարներէ, կային որոշ հատուածներ, որոնց վրայ աշխատուած էին ողկոյզներ ու հայկական զարդարանքներ։ Այս պատմական տաճարի մէջ եւս միասնաբար հակիրճ աղօթք մը արտասանեցինք եւ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ շրջեցանք գերեզմանատունը։

Եկեղեցւոյ համալիրը անցեալին եղած է նաեւ գերեզմանատուն, ուր թաղուած է նաեւ եկեղեցւոյ բարերար Փիլուման Թայիրեանը հանդերձ իր տապանաքարով, որուն վրայ կը յիշատակուի, թէ ինք քաջ ծառայողը եղած է գերահռչակ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ իր ձեռամբ կառուցուած է այս տաճարը։ Կայ նաեւ աղօթքի խնդրանք մը, որով շիրմի այցելուներէն կը խնդրուի, որ ողորմութիւն խնդրեն վասն հանգուցելոյն։ Այստեղ կան նաեւ նշանաւոր ընտանիքներու դամբարաններն ու վաղ անցեալէն հասած բազմադարեան խաչքարեր։ Բաց աստի այստեղ թաղուած են նաեւ եկեղեցիին ծառայած քահանաները, որոնց շիրիմները մերձաւոր անցեալին բարեկարգուած է բարերարներու միջոցաւ։ Պէտք է նշել, թէ այս եկեղեցւոյ համալիրը եւս կանաչութիւններով զարդարուած է եւ տակաւին կը վայելէ լեռներուն գեղեցկութիւնը։ Հուսկ՝ դէպի Վանաձորի առաջնորդարան ճամբորդած ժամանակ անպայման այցելուներ կը հանդիպին այս պատմական եկեղեցիին։

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՏՈՒՌԸ

Առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրին ընդառաջ Ս. Սարգիսի տօնին, առաջնորդարանի Ս. Սարգիս մատրան մէջ տօնական Ս. Պատարագ մատուցանելու արժանացայ։ Նախքան տօնական մթնոլորտը նկարագրելը, պիտի ուզէի անդրադառնալ այս մատրան պատմութեան եւ տեսքին։

Եկեղեցւոյ համալիրը նախապէս եղած է ամարանոցի կից գիտետունն ու խոհանոցը։ Սակայն առաջնորդարանի կառուցման յաջորդող շրջանին, Սեպուհ Սրբազան անհրաժեշտ կը նկատէ առաջնորդարանէ ներս մատրան մը գոյութիւնը։ Այս առումով 2000-ին կը վերակառուցանէ պարտէզի մէջի այս շէնքը, զայն բարեփոխելով եկեղեցիի։ Կ՚աւելնայ զանգակատունը, շէնքին մէջ կը բարձրանայ Ս. Խորանն ու Ս. Սեղանը եւ եկեղեցին սրբազան հօր ձեռամբ օծուելով կ՚ընծայուի Ս. Սարգիս զօրավարին։ Այս մէկը առիթ կը դառնայ, որ Ս. Սարգիսի տօնին առաջնորդարանի համալիրը եւս լաւապէս օգտագործուի եւ ընտանիքներ իրենց զաւակներով հանդերձ փութան Վանաձորի հոգեւոր կեդրոնը։

Մատուռը թէեւ բաւականին փոքր է իր տեսքով, սակայն եւ այնպէս իր շուրջ համախմբուած հաւատացեալները ըստ բաւականի կ՚ոգեւորէ։ Պատերուն վրայ զետեղուած են խաչքարեր։ Ս. Խորանը ցած է եւ կեդրոնը կանգնած է հին խաչքար մը։ Ս. Սեղանը աւանդական ոճով կառուցուած է եւ վէմքարին ճակատը նաեւ փորագրուած է Ս. Խաչ մը, որուն վրայ կը գրէ Ս. Սարգիս։ Բաց աստի ունի նաեւ խորհրդանոց մը։ Իսկ մատրան դրան դիմացը կը գտնուի սարկաւագատան մուտքը։

Ահա, այս հեռատես կառուցողական ձեռնարկը առիթ եղած էր, որ Վանաձորի մէջ Ս. Սարգիսի տօնին մասնակից դառնայի առաջնորդ սրբազան հօր, հոգեւոր եղբայրներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին տօնական խնդութեան։

Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ

Ահաւասիկ տօնական Ս. Պատարագը մատուցանելու համար Ս. Էջմիածնէն հասած եմ Վանաձոր, առաջնորդարան։ Նախ ներկայացայ առաջնորդ Յովնան Սրբազան Հօր եւ իր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ պատրաստուեցայ խոստովանանքի եւ զգեստաւորման։ Փոքրիկ մատուռը բերնէ բերան լեցած էր հաւատացեալներով, իսկ խորանին անկիւնը կանգնած էին երգեցիկ դպրուհիները՝ առաջնորդութեամբ տիկին Անահիտի։

Սրբազան Հօր արտասանած Տէրունական աղօթքով սկսաւ երգեցողութիւնը եւ հանդերձ սարկաւագօք ու դպրօք սարկաւագատունէն առաջնորդուեցայ դէպի խորան։ Հաւատքի ջերմեռանդութեան հաւաստիքն էր այս տեսարանը, որուն ամէն անգամ երբ նայեցայ, կրկին անգամ զգացի տօնական ոգեւորութիւնը։ Ս. Սարգիսի տօնը Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ Երիտասարդաց օրհնութեան օր ըլլալուն, երիտասարդներ եւս իրենց տեղերը գրաւած էին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութիւնը առիթ էր, որպէսզի բարեխօսութեանը դիմենք Ս. Սարգիսին, ինչպէս նաեւ հանգստեան աղօթքով յիշատակենք եկեղեցւոյ հիմնադիր Սեպուհ Սրբազանը։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, սրբազան հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ անդրադարձաւ Ս. Սարգիսի վարքագրութեան եւ մարտիրոսութեան գաղափարին։ Յատկապէս անդրադարձաւ սուրբի հաւատքին եւ քարոզչական զօրութեան եւ ի տես այս հրաշախառն կեցուածքին տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններու մասին։ Պարսիկներու կրապաշտական կեանքին մէջ տարբեր թուած էր քրիստոնէական հաւատքը եւ այս մէկը պատճառ եղած էր, որ Ս. Սարգիս կա՛մ ուրանայ Քրիստոսը եւ կամ վասն Քրիստոսի նահատակուի։ Ան ընտրած էր երկրորդը։ Ս. Սարգիսի մասունքները յաջորդիւ հասած են Հայաստանի շրջանը։ Այս առիթով սրբութեան գաղափարը շեշտեց եւ յայտնեց, թէ սուրբ անձանց աղօթքներու դրական հետեւանքները զգալի դարձած են զանազան առիթներով։

Սրբազան Հօր պատգամէն յետոյ Ս. Պատարագին շարունակեցինք եւ հաւատացեալներ երամ-երամ մօտեցան Ս. Հաղորդութեան ամենայն երկիւղիւ եւ հաւատով։ Երբ շարժելու իսկ տեղ չէր մնացած հաւատացեալներու ներկայութենէն, կ՚արժէր իրենց մերձեցումն ու խնդութիւնը տեսնել։ Իսկ արարողութիւնը աւարտին հասաւ Ս. Սարգիսի տօնին յատուկ արարողակարգով մը, որով սրբազան հայրը օրհնեց եկեղեցւոյ մէջի բոլոր երիտասարդները՝ մաղթելով իրենց երջանկութիւն եւ համերաշխութիւն։ «Թո՛ղ օրհնուին եւ թո՛ղ պահպանուին ներկայ երիտասարդները եւ իրենց ընտանիքները»։

Ս. Պատարագէն յետոյ, ներկաներ զգալի կը դարձնէին, թէ տօնական օր մըն էր այդ օրը, քանի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ աշխարհիկ հանդիսութիւններով կը նշուէր Ս. Սարգիսը։ Երբ եկեղեցիէն յետոյ դուրս ելայ, արդէն իսկ պատանիներ կը պատրաստուէին մշակութային հանդիսութեան։ Առաջնորդարանի բակին վրայ պարզուած էր Գուգարաց թեմի զինանշանակիր հսկայ դրօշները եւ Ս. Սարգիսի եւ Մարտիրոս Պատանիի հսկայ սրբապատկերը։ Բաց աստի, կը ներկայացուէին երկու վանական համալիրները։ Նման մթնոլորտին մէջ սկսաւ մշակութային յայտագիրը։ Երաժշտական, պարային եւ բանաստեղծական բազմապիսի յայտագրեր պատրաստուած էին Վանաձորի շրջանի մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Տղաքը կը ներկայանային, իսկ իրենց ծնողներն ու վանաձորցիներ ոգեւորութեամբ կը հետեւէին հանդիսութեան ու իրենց ծափերով կ՚ոգեւորէին տղաքը։ Ժողովուրդին մէջի մանուկները կը շրջէին, կը վազէին եւ ամենէն կարեւորը կը ժպտէին անընդհատ։ Իսկ միւս կողմէ առաջնորդարանի պարտէզին մէջ կը ներկայացուէին պատանեաց ձեռակերտ աշխատութիւնները։ Ի տես այս մթնոլորտին, սրբազան հայրը կը շրջէր ժողովուրդին մէջ եւ իր հայրական օրհնութիւնը կը բաշխէր իր ժողովուրդի զաւակներուն։

Եւ ահա աւանդականի վերածուած հանդիսութեան ամենէն ոգեւորիչ պահը հասաւ, երբ պարտէզի համալիրէն ներս ձիու վրայ ի ձեռին ունենալով մեծ խաչ մը մուտք գործեց Ս. Սարգիսը խորհրդանշող երիտասարդ մը հանդերձ իր զգեստներով։ Տհոլներու, զուրնաներու երգեցողութեամբ կամաց կամաց դէպի առաջնորդարան ուղեւորուեցաւ Ս. Սարգիսը եւ երբ խառնուեցաւ բազմութեան հետ, արդէն իսկ դժուարաւ կ՚ընթանար, քանի ամէն ոք կը շրջապատէր երիտասարդը, որ Ս. Խաչով կ՚օրհնէր ներկաները։ Ժողովուրդը մէկ կողմէ կը մօտենար երիտասարդին հետ նկարուելու, իսկ միւս կողմէ շատեր իրենց հեռախօսները կը բարձրացնէին Ս. Սարգիսի մուտքը նկարահանելու համար։ Մեծահանդէս մուտքը մօտաւորապէս կէս ժամ շարունակեց եւ յաջորդիւ Ս. Սարգիսը վերադարձաւ, իր սիրոյ նշանը թողլով ներկաներուն մէջ։ Այսպէս ահա հանդիսաւոր տօնակատարութեան մը ակատանեսը ըլլալու ուրախութեամբ, Ս. Սարգիսի ետեւէն ձեռք շարժեցի եւ բարի երթ մաղթեցի իրեն։

Մշակութային այս միջոցառումը առիթ եղաւ, որ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ պատկան մարմիններուն, հոգեւորականներուն աշխատասիրութիւնը մօտէն տեսնեմ։ Եւ այս բոլորին մէջ ուրախութիւն էր անշուշտ, թէ՝ նոր առաջնորդին վայելած ժողովրդականութիւնը մօտէն տեսնել։ Երբ օրը աւարտին հասաւ, արդէն իսկ կը մտածէի, թէ Գուգարաց թեմէն ներս տասնեակ տարիներ առաջ սկսած վերակազմակերպման աշխատանքները, նոր եռանդով ու տեսլականով պիտի շարունակուէին ու նպաստէին ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ, ի պանծացումն Գուգարաց թեմին եւ ի մխիթարութիւն թեմի հաւատացելոց։ Երբ հրաժեշտի այցելութեան համար մօտեցայ սրբազան հօր, շնորհակալութիւն յայտնեցի իր ընծայած առիթին համար եւ խոնարհաբար յաջողութիւն մաղթեցի իր առաքելութեան մէջ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

18 փետրուար 2022, ուրբաթ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022