ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձան Արցախի պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակին եւ մարդասիրական խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի մօտ պահուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձին, կորսուածներու եւ զոհուածներու աճիւններու յայտնաբերման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Նորին Սրբութիւնը քննարկեցին նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ խնդիրներ՝ մասնաւորապէս, մտահոգութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն ներս պատմական յուշարձաններու եւ սրբավայրերու դէմ դրսեւորուած բարբարոսական վերաբերմունքին առընչութեամբ։

Նախագահ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձան նաեւ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, ներքին քաղաքական տագնապը յաղթահարելու ուղիներուն, ինչպէս նաեւ խօսեցան ազգային կարեւորագոյն խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ։

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը գիտնականներ։ 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագրի 100-ամեակին կապակցութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած էր միջազգային գիտաժողով մը, որու ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին հայ եւ ռուս յառաջատար մասնագէտներու, պատմաբաններու զեկուցումները։ Կլոր սեղանի ձեւաչափով նախատեսուած քննարկումներու մասնակիցները այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Գիտնականներուն ուղեկցեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն ակադեմիկոս փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Հայաստանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Հանդիպման ընթացքին Ռուբէն Միրզախանեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց քննարկման առիթով Հայաստան ժամանած մասնագէտները եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց կլոր սեղանի ձեւաչափով կազմակերպուած քննարկման արդիւնքներուն շուրջ։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ ներկաներուն փոխանցեց օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները՝ գոհունակութիւն յայտնելով այս գիտական նախաձեռնութեան իրագործման առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի երկրորդ պատերազմին։ Ան ներկայացուց յառաջացած վնասները, խօսեցաւ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային հանրութեան արձագանգին շուրջ։ Այս կապակցութեամբ ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ պատերազմական գործողութիւններու կասեցման եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն առընչութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը Արցախի շուրջ առկայ խնդիրներու հանգուցալուծման տեսակէտէ անհրաժեշտ նկատեց բանակցային գործընթացի վերսկսումը։ Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Պատրիարքի ջանքերուն շնորհիւ հնարաւոր դարձած է Դադիվանքի հոգեւոր կեանքի եւ անխաթար աստուածպաշտութեան եւ սահմանամերձ վանքերու անվտանգութեան ապահովումը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր անդրադարձ կատարեց գրաւուած եւ յանձնուած տարածքներէ ներս Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական պատմական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ որդեգրուած ռազմավարութեան՝ մասնաւորապէս պատմական յուշարձաններու եւ սրբավայրերու աւերման, անարգման ու պղծման, հայկական ինքնութեան ոչնչացման դէպքերուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս երեւոյթները կ՚արժանանան միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կողմէ պատշաճ գնահատականի։

Ընդունելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ի նպաստ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ձեւաչափով կատարուած աշխատանքներուն, Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021