ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ԲԺԻՇԿԻՆ ԹԵԼԱԴՐԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԴԵՂԵՐԷՆ ՄԻՆ՝ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ պահքի 23-րդ օրն է:

Իւրաքանչիւր մարդ անպայմանօրէն իր կեանքի ընթացքին կարիք կը զգայ բժիշկի մօտ երթալու, ապահովելու համար իր առողջութիւնը, մանաւանդ ներկայ դարուս, երբ այնքան ապականած է մթնոլորտը, նոյնինքն մարդ արարածին կողմէ: Մարդը շատ յաճախ ահագին մեծ գումարներ կը ծախսէ առողջ մնալու համար, տարբեր-տարբեր միջոցներու կը դիմէ, որպէսզի ապահովէ իր կայունութիւնն ու բարօր կեանքը:

Ցաւալին այն է սակայն, որ մարդիկ շատ յաճախ այսպէս՝ հոգալով իրենց ֆիզիքական առողջութեան մասին, կը մոռնան իրենց հոգիին առողջութիւնը: Մարմինը, որ անցաւոր է, այսինքն՝ այսօր կայ իսկ վաղը չկայ, մարդիկ այնքա՛ն կը հոգան անոր մասին, իսկ հոգին որ այսօր կայ եւ մնալու է յաւիտեան անտարբերութեամբ եւ անհոգութեամբ կը վարուինք անոր հետ:

Մարդ սակայն, ամէն բանէ առաջ պէտք է հոգ տանի իր հոգիի առողջութեան, պէտք է իր հոգին բժշկէ ամէն տեսակի հիւանդութիւններէ, որպէսզի կարենայ մաքուր հոգիով դիմաւորել Սուրբ Երրորդութիւնը: Այդ հոգեկան առողջութեան հասնելու համար սակայն կարիք ունինք ճի՛շդ Բժիշկին դիմելու, որովհետեւ ինչպէս Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կ՚ըսէ՝ «երկինքին տակ ուրիշ անուն չկայ՝ որով բժշկութիւն ըլլայ, բացի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունէն». արդ, եթէ այդ Բժիշկին դիմենք, Անոր թելադրութիւններով եւ մեր ներգործութեամբ կը յաջողինք ձերբազատուիլ ամէն տեսակի հիւանդութիւններէն, որոնք մեզ կը հարուածեն այս կեանքին մէջ:

Ան սովորական բժիշկ մը չէ, այլ՝ բժիշկներուն Բժիշկն է եւ Անոր թելադրած դեղերը բոլորն ալ օգտակար են եւ կեանքի առաջնորդող, ո՛չ թէ ժամանակաւոր կեանքի, այլ՝ յաւիտենական կեանքի: Անոր թելադրած դեղերէն մին՝ պահեցողութիւնն է, որով մարդը կրնայ իր հոգին բժշկել: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կ՚ըսէ. «Պահքը մեզի բժիշկ է»: Այսինքն՝

Անով (պահքով), կը ձերբազատուինք մեր ապականութիւններէն ու կը լեցուինք առաքինութիւներով:

Անով՝ մենք կը դառնանք մաքրամաքուր:

Անով՝ մեր հոգին հայելիի կը վերածենք, ուր Սուրբ Երրորդութիւնը միայն կ՚երեւի:

Անով՝ մեր հոգիին վէրքերը կը բուժուին:

Անով՝ մեր միտքը միշտ արթուն  եւ զգոյշ կ՚ըլլայ սխալ որոշումներ կայացնելէ:

Անով՝ մեր ամբողջ էութիւնը մի միայն զԱստուած կը փառաբանէ խնդրելով Անոր ողորմութիւնը:

Որուն իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Քսաներեքերրորդ օրուան մարտահրաւէր. աշխատինք բժշկել մեր հոգին պահեցողութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022