Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը խորհրդարանականներ։ Այսպէս, Պունտեսթակի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Լիլիթ Կիրակոսեանի։

Վեհարանի տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նմանօրինակ այցելութիւններու միջոցաւ երկու երկիրներու բարեկամական կապերու առաւել ամրապնդումը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ տարածաշրջանի առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւններուն, Արցախի շրջափակման եւ մարդասիրական տագնապին, տակաւին գերութեան մէջ գտնուող հայորդիներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն։ Այս կապակցութեամբ ան երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ իշխանութիւններուն՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանին եւ Արցախին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութիւնը հետեւողական ջանքեր պիտի գործադրէ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը կանխելու ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական բարեկամական խումբի փոխ-նախագահ Թապէա Ռիոսներ անդրադարձաւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան։ Ան ընդգծեց, որ իրենց ուղեւորութիւնը նպատակ ունի զանազան ոլորտներէ ներս առաւել ամրապնդելու եւ զարգացնելու երկու երկիրներու համագործակցութիւնը։ Պատուիրակութեան անդամները կարեւորեցին տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ազգային ինքնութեան պահպանման ու հոգեւոր արժէքներու կերտման գործին մէջ։

ԴԱՆԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ «Դանիա-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան անդամները։ Հիւրերուն գլուխը կը գտնուէր կազմակերպութեան ատենապետը՝ հայր Մայքըլ Թոմսեն։ Ներկայ էր նաեւ կազմակերպութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ինկրիտ Ֆանտերպրիղէն Պիէրէ։ Անոնց ուղեկցեցաւ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը՝ Արշաւիր Գաբուճեան։

Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատուներուն տուաւ իր օրհնութիւնն ու արտայայտեց գնահատանքը՝ Հայաստանէ ներս իրականացուած ընկերային եւ կրթական ծրագրերուն առընչութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի ներքին թեմերը այցելելու ընթացքին ականատես եղած է մատաղ սերունդի հոգեւոր կրթութեան ի նպաստ կիրակնօրեայ դպրոցներու արդիւնաւէտ գործունէութեան։ Այդ ծրագիրները կազմակերպուած էին «Դանիա-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» կազմակերպութեան սատարումով։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կազմակերպութեան կողմէ հաշմանդամ երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն տրամադրուած հոգեւոր եւ հոգեբանական աջակցութեան։

Իր կարգին, հայր Մայքըլ Թամսըն Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց թեմերու հետ համատեղ իրականացուած ծրագիրները՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Նորին Սրբութեան մշտական զօրակցութեան համար։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023