ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀՈՍՔ
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ աշխարհի բազմաթիւ եկեղեցիներու պետերը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեցին Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Տ.Տ. Եփրեմ Բ. եւ Մարոնիտ եկեղեցւոյ առաջնորդ Կարտինալ Ալ Ռայի Պութրոս։ Ծանօթ է, որ Ասորի եկեղեցւոյ հայրապետ Եփրեմ Բ. կը գտնուի Սուրիոյ մէջ, Դամասկոս, իսկ Մարոնիտ Պատրիարքը՝ Լիբանան, Պէյրութ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին հանդիսաւորապէս դիմաւորեց իր հոգեւոր եղբայրները, որոնք Հայաստան մեկնած են իր հրաւէրին ընդառաջ։ Իջման Ս. Սեղանին առջեւ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան արարողութիւն։ Աղօթքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ ելոյթով մը ողջունեց իր հոգեւոր եղբայրներուն Հայաստան ժամանումը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Ասորի եւ Մարոնիտ հոգեւոր առաջնորդներուն այցը հոգեկան անհուն բաւարարութիւն եւ մխիթարութիւն կ՚առթէ, որովհետեւ ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդին տեսակէտէ նուիրական օրերու։
Բարձրաստիճան հոգեւորականներն ալ ելոյթներ ունեցան Մայր Տաճարին մէջ։ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը մաղթեց, որ այլեւս որեւէ ցեղասպանութիւն տեղի չունենայ քրիստոնեաներուն դէմ։ Ան ցաւ յայտնեց, որ մեր ժամանակներուն եւս ցեղասպանութիւնները չեն դադրած, ասորի ժողովուրդը կրկին կը մարտիրոսուի եւ իր արիւնը կը թափէ քրիստոնէութեան պահպանման համար։