ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ծերակոյտի պատուիրակութիւնը։ Յորդանան-Եւրոխորհրդարան բարեկամութեան ընկերակցութեան նախագահ Խալտուն Հինայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն երեսփոխան Արթուր Դաւթեան, որ Յորդանանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարն է։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց իր այցելութիւնը Յորդանան, նաեւ իր հանդիպումները Յորդանանի թագաւորին հետ, թէ՛ Ամմանի եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց հայ համայնքի նկատմամբ Յորդանանի իշխանութիւններուն կողմէ հոգատար վերաբերմունքը՝ որպէս դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններու լաւագոյն դրսեւորում։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր տակաւին անլոյծ հետեւանքներուն, Արցախի ժողովուրդի խաղաղ ու անկախ կեանքին դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն մասին։ Ան մի առ մի թուարկեց սրբավայրերու, խաչքարերու, շիրմաքարերու պղծման ու ոչնչացման դէպքերուն։ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ Ատրպէյճանի որդեգրած այս քաղաքականութիւնը յարիր չէ իսլամի ոգիին։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ սա կ՚արժանանայ իսլամական աշխարհի կողմէ խիստ դատապարտման։

Իր կարգին, Խալտուն Հինա վերահաստատեց, որ Յորդանան կը կարեւորէ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը եւ կ՚ողջունէ այս նպատակին ուղղեալ ջանքերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022