ՏԻՐԱՑՈՒՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն տիրացու Արտա Սարկաւագ Փընարճեանի եւ տիրացու Գրիգոր Սարկաւագ Կարապետեանի հետ, որոնք այս շաբաթավերջին ձեռնադրուելով պիտի համալրեն մեր հոգեւորականաց դասու շարքերը։ Տիրացուները հայրական վերաբերմունքի առարկայ դարձնելով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ անոնք սիրով կ՚ընդառաջեն աստուածային կոչումին ու պիտի սկսին ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Ձեռնադրութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տիրացուներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յորդորեց, որ միշտ առաջնորդուին Աստուծոյ խօսքով եւ ըլլան մշակ առանց ամօթոյ։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022