ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ, երէկ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ուխտի երկու հոգեշնորհ հայրերու՝ Տ. Վազգէն Աբեղայ Ալեքեանին եւ Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանին։

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «վարդապետ»ը սկզբնական ժամանակներէն սկսեալ միշտ ունեցած է եկեղեցական գլխաւոր առաքելութիւն, նաեւ քարոզելու եւ ուսուցանելու պաշտօն: Եւ, անշուշտ, այս առաքելութիւնը շատ լուրջ պարտաւորութիւններ կ՚ենթադրէ՝ ուսումնական եւ գիտական, նկարագիր եւ առաքինութիւններ, հաւատքի կրակը դնելով իրենց ուսումին եւ ամբարուած գիտութեան մէջ: Այսպէս ընդունուած է հայ «վարդապետ»ին եկեղեցական տիպարը:

Յետ Յիշատակ Տապանակին Հնոյ եւ Տօն Նորոյս Ս․ Եկեղեցւոյ նախատօնակի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Մասնաւոր Վարդապետութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Տ. Վազգէն Աբեղայ Ալեքեանին եւ Տ․ Տիրան Աբեղայ Յակոբեանին։

Ընծայեալները ներկայացուց Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան: Խարտաւիլակն էր Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Յովհաննիսեան:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023