ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի անդամները այսօր Հռոմի մէջ աշխատանքի կը ձեռնարկեն՝ ընտրելու համար նոր կաթողիկոս-պատրիարքը։ Սա պատմական ու պատասխանատու փուլ մըն է, որու ընթացքին Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսները ի կատար պիտի ածեն նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը, որ ընդհատուած էր անցեալ յուլիսին Զմմառի մէջ կատարուած երկշաբաթեայ նստաշրջանի ապարդիւն աւարտելուն պատճառով։ Այդ փուլէն վերջ Վատիկանի կողմէ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը եւ տնօրինութիւն կատարուեցաւ, որպէսզի Ս. Սինոդը գումարուի Հռոմի մէջ։

Այս բոլորէն վերջ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսները ներկայ շաբթուայ սկիզբին համախմբուեցան Հռոմի մէջ, ուր երէկ անցուցին խոկումի օր մը։ Աղօթակցութեան մթնոլորտին մէջ անոնք երէկ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան գործերու ժամանակաւոր վարիչ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, որ միեւնոյն ժամանակ Բերիոյ թեմի վիճակաւորն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին իրեն առընթերակայ էին Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայկական վարժարանի մեծաւոր Հայր Նարեկ Ծ. Վրդ. Նաամոյեան եւ Զմմառի Ս. Միքայէլ վանքի տեսուչ Տ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ։ Լեւոնեան Քահանայապետական հայկական վարժարանի մատրան մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը եկաւ բնորոշել Ս. Սինոդի ժողովներուն սկիզբը։ Արարողութեան նախագահեց Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ան Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահն է։ Բացի Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսներէն, Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լեւոնեան վարժարանի սաները, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մայրը եւ հռոմաբնակ հաւատացեալներ։

Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի քարոզեց «Եկ Սուրբ Հոգի» աղերսով։ «Հայ ժողովուրդը մօտէն ճանչցաւ բռնութեան եւ հալածանքներու փորձառութիւնը, սակայն, որեւէ իշխանութիւն կամ մարդկային զօրութիւն չկարողացաւ անոր շրթունքներէն խլել Քրիստոսին անունը», ըսաւ կարտինալը եւ ուղղեց «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի վեր կաց եւ քալէ» կոչը։ Կարտինալ Սանտրի ընդգծեց, որ Ս. Հոգին կ՚ոգեւորէր երէկուայ ծիսակատարութեան բոլոր մասնակիցներու սիրտերը։ Ան երէկուան Ս. Պատարագը նկատեց մուտքի դուռ մը՝ Ս. Սինոդի անդամներու այս օրերուն Հռոմի մէջ ապրելիք փորձառութեան համար՝ Ս. Պետրոսի եւ Ս. Պօղոսի գերեզմաններուն մօտ ու այլ տարբեր դարաշրջաններու հազարաւոր վկաներու մօտ, որոնք Քրիստոսին նուիրեցին իրենց վկայութիւնը։

Ապա Կարտինալ Սանտրի յիշեցուց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի որոշումը, որով զինք դասած էր սինոդական աշխատանքներու նախագահ։ Այս առումով ան յորդորեց առաջնութիւն տալ Քրիստոսին, խոչընդոտները գերազանցել ու թոյլ տալ, որ Քրիստոսի լոյսը անոնց տրամաբանութիւնները լուսաւորէ։ Կարտինալը զգուշացուց նաեւ այն մարդկային վարմունքներուն դէմ, որոնք Ս. Հոգիի ներգործութեան արգելք կրնան հանդիսանալ, եթէ ժողովականները անձնական չափանիշներու հետեւին եւ կամ աւելի վատ աշխարհի մը հոգիին։ Կարտինալ Սանտրի բացատրեց, որ եպիսկոպոսներու ընտրութեան միջոցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եկեղեցին պիտի կարողանայ նոր սկիզբ մը ապրիլ։ Այս ուղղութեամբ ան հարկաւոր նկատեց, որ եպիսկոպոսները իրենց անձնական եւ եղբայրակիցներու կեանքը դնեն Ս. Խորանին վրայ ու հայցեն բիւրեղացումի, գոյութենափոխութեան եւ առաքելութեան շնորհքը։ «Բիւրեղացումը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրտամօտիկ նիւթ մըն է», ըսաւ կարտինալը ու մէջբերեց հայ մեծ սուրբի աղօթքներէն մին։ Ան ընդգծեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրականութիւնն ու անոր հաւատացեալներու բոլոր ցամաքամասերու մէջ ներկայութեան պարագան։ Իր խօսքով՝ սա անցեալի եւ ներկայի տառապանքներու, ապահով ու կայուն տան մը որոնումի, կեանքը խաթարող ու ցրուելու մղող ուժերէն փախուստի հետեւանքը եղած է։ «Հայ ժողովուրդը բարի հովիւներու կարիքը ունի», ըսաւ կարտինալը ու շարունակեց. «Անոնք կարիքն ունին հովիւներու, որոնք զիրենք պիտի առաջնորդեն, փնտռեն, պիտի գտնեն ու զանոնք պիտի կոչեն իրենց իսկ անունով՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս Աւետարանի մէջ նկարագրուած բարի հովիւը»։ Կարտինալ Սանտրի յիշեցուց նաեւ պատրիարքի պարագային «գլուխ եւ հայր» աւանդական սահմանումը։ «Գլուխ միայն այն չափով, որքանով կրնայ ծառայ դառնալ ու հայր՝ որովհետեւ իր վրայ կը զգայ իր բոլոր զաւակներուն պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան։ Մասնաւոր խորհրդածութիւններ ընելով հայ ժողովուրդի մասին՝ կարտինալը բացատրեց, որ ապագայ չի կրնար ունենալ ժողովուրդ մը, որ չի ճանչնար իր անցեալը։ «Առ այդ, նոր պատրիարքը պիտի գիտնայ աւետարաններու դպիրներուն նման նկատի առնել հին ու նոր բաները։ Պէտք է անպայման գիտնայ պահապան կանգնիլ յիշողութեան եւ աւանդութեան, որովհետեւ ապագայ չի կրնար ունենալ ժողովուրդ մը, որ չի ճանչնար իր անցեալը։ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի բաց ծովուն մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան եկեղեցին պէտք է ապաւինի այն բոլոր առագաստներուն, որոնք պատմութիւնը յանձնած են անոր։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը կ՚աղօթէ ձեզի համար», դիտել տուաւ կարտինալը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Հայ կաթողիկէ կղերական դասու անդամներուն նկատառման յանձնեց, որ լատինական զանազան միաբանութիւններու մէջ կը գտնուին հայ կաթողիկէ անդամներ։ Ըստ իրեն, անոնց միջեւ կարելի է ընտրել ապագայի թեկնածու եպիսկոպոսներ՝ արժեւորելով անցեալի ու ներկայի սուրբերն ու մարտիրոսները։ Ան յորդորեց մշակել եւ ամրապնդել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ համայն աշխարհի մէջ։

«Իմացէք, որ Ս. Պետրոս առաքեալի յաջորդը՝ Ս. Ֆրանսիսքոս Պապը ձեզի մօտիկ է այս օրերուն եւ պիտի շարունակէ ձեզի ցուցաբերել իր սէրը, զոր միշտ ալ ցոյց տուած է։ Անոր խօսքը պիտի ըլլայ կողմնացոյց նաւարկելու համար պատմութեան ծովուն մէջ՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բազմազան միասնութեան մէջ», յայտնեց կարտինալը քարոզի եզրափակիչ բաժնին մէջ։ Հուսկ, Նարեկացիի աղօթքով ան հայցեց Ս. Կոյս Մարիամի եւ բոլոր հայ սուրբերու բարեխօսութիւնը։

Կարտինալ Սանտրիի քարոզէն վերջ շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Միրիաթեան Գերապայծառ։ Յանուն Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասուն արտայայտուելով՝ ան դիտել տուաւ, որ Կարտինալ Սանտրիի խօսքերը կողմնացոյց կը համարուին ու պիտի բնորոշեն ժողովի ընթացքը։

Լեւոնեան հայկական վարժարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցան նաեւ նկարահանումներ երեկոյեան մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, սեղանատան մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընթրիք մը։

Թէ՛ Լեւոնեան վարժարանի աղբիւրները եւ թէ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն հայ կաթողիկէ նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Այսպէս, նստաշրջանի ծիրէն ներս քուէարկութիւնները պիտի սկսին Ս. Սինոդի եպիսկոպոսներուն համար նախատեսուած երկօրեայ «Հոգեւոր կրթութեան» աւարտին։ Այսօրուընէ սկսեալ, այդ «Հոգեւոր կրթութեան» հիման վրայ Ս. Սինոդի անդամները պիտի ջանան վերջնականօրէն կողմնորոշուիլ ընտրութեան համար։ «Հոգեւոր կրթութեան» փուլի քարոզիչն է Հռոմի թեմի փոխանորդ արքեպիսկոպոսը՝ Անճելօ տէ Տոնաթիս Գերապայծառը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021