ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանական ֆաքիւլթէի տեքան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանի ձեռամբ, քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանացան 11 սարկաւագներ։ Նորին Սրբազնութիւնը սրբալոյս միւռոնով օծեց նոր քահանաներու ճակատներն ու ձեռքերը եւ անոնց շնորհեց հոգեւոր անուններ։ Ձեռնադրութեան աւարտին նորաօծ քահանաները իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը փոխանցեցին ներկայ հաւատացեալներուն։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ քահանայութեան կարեւորութեան եւ քահանայական առաքելութեան բարձր պատասխանատուութեան։ «Աստուածային խօսքի մշակներ ըլլալը լոկ խօսքով չի սահմանափակուիր։ Ան իր մէջ ունի որքան ուրախութիւն ու քաղցրութիւն, այնքան ալ դառնութիւն եւ դժուարութիւն։ Քրիստոսի առաքեալ դառնալը միայն այս պահուն կատարուածով եւ օծում ստանալով չի սահմանափակուիր։ Դուք ձեր ամբողջ կեանքի ծառայութեան ընթացքին պէտք է ձգտիք դառնալ նուիրեալ քարոզիչն ու մշակը, խոնարհ սպասաւորը մեր Եկեղեցւոյ եւ արժանանաք՝ արտաքին եւ ներքին ընդվզումներէ վշտացած ու մոլորուած ժողովուրդի իրական առաքեալի կոչման», ըսաւ ան քարոզին մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021