ՀԵՀԵՄ-Ի ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) գործունէութիւնը, որ քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով ընդհատուած էր, այս շրջանին դարձեալ աշխուժանալ սկսած է՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Այս ծիրէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի տեղական մասնաճիւղերու ատենապետներուն առցանց ժողովը։ Հեռակայ խորհրդակցութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչն է։

Ժողովականները ամփոփ անդրադարձան տեղական մասնաճիւղերու գործունէութեան։

6-10 յուլիս 2022 թուականին ՀԵՀԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած է համահայկական մեծ ուխտագնացութիւն մը, որու մանրամասնութիւնները հանդիսացան օրակարգի գլխաւոր նիւթը։ Ժողովականները խորհրդակցեցան նաեւ յաջորդ տարուայ շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններուն երիտասարդները առաջնորդելու հարցին շուրջ։ Այս ծիրին մէջ է ուխտագնացութիւն մը դէպի Ս. Երուսաղէմ։ Երկրորդը կը վերաբերի յաջորդ տարուայ միւռոնօրհնութեան արարողութեան, իսկ երրորդ շարժառիթն է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաբացումը։

Ժողովականները քննարկեցին նաեւ առցանց դասախօսութիւններու կազմակերպման հնարաւորութիւնները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021