ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին շնորհաւորական մը ուղարկեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքին, որ թեւակոխած է ծննդեան 75-ամեակի յոբելենական շրջանը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորականին մէջ շեշտած է, որ իր հոգեւոր եղբայրը ամբողջ կեանքը, հովուապետական ծառայութիւնը ամբողջապէս նուիրած է աշխարհի վրայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ դերակատարութեան ամրապնդման, Ս. Աւետարանի անանց ճշմարտութիւններու բարեյաջող վկայութեան եւ մարդոց սրտերէն ներս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անդադար արմատաւորման՝ արդի մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ մարդկութեան խաղաղ ու բարօր կեանքի կերտման գործին մէջ հոգեւորի առաքելութեան եւ կարեւորութեան ամուր գիտակցութեամբ։ «Ձեր հովուական խօսքն ու խրատը մեր օրերուն իբրեւ փարոս կը ծառայէ կարօտեալներու, տկարներու եւ մխիթարութիւն ու հոգեւոր լուսաւորութիւն փնտռող շատերու համար», նշած է Նորին Սրբութիւնը։

Յոբելենական նշանակալից փուլին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծած է Քիրիլ Ա. Պատրիարքի ներդրումը հայոց եւ ռուսաց եկեղեցիներու միջեւ սերտ կապերու եւ գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ, ինչ որ, իր հերթին, կարեւոր պատգամ մըն է հաւատակից երկու ժողովուրդներու եղբայրական յարաբերութիւններուն համար ամբողջ աշխարհէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատած է Քիրիլ Ա. Պատրիարքի ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման, հայոց հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման եւ Դադիվանքի անխաթար գործունէութեան ապահովման համար։

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Քիրիլ Ա. Պատրիարքին մաղթած է արեւշատ կեանքի երկար տարիներ եւ Աստուծոյ զօրակցութիւնը հովուապետական ծառայութեան մէջ՝ յանուն Ռուսաստանի եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պայծառութեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021