ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այցելեց Պէյրութ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան արժանացաւ ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնը՝ մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ մը՝ քաղաքական եւ տնտեսական ծալքերով։

Պէյրութի շփումներու ծիրէն ներս Անթոնիօ Կութերես մէկտեղուեցաւ նաեւ Լիբանանի՝ զանազան կրօններէ եւ դաւանանքներէ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Սոյն հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ ան շեշտեց, որ միջազգային հաւաքականութեան նեցուկը հրամայական է՝ Լիբանանի վերականգնումին համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021