ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԻՐԱՆԷՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ՎԱԼԵՐԻ ՓԵՔՐԱՍԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այցելեց Երեւան։ Այսպէս, Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորները Վեհարանի մէջ ընդունուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւններն ու սերտ համագործակցութիւնը ունին հարուստ պատմութիւն։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ այդ բոլորին իր մեծ նպաստը կը բերէ Իրանի հայ համայնքը, որ երկրի իշխանութիւններու բարեացակամ վերաբերմունքին շնորհիւ կարողացած է պահպանել իր ազգային մշակոյթն ու արժէքները։

Իր կարգին, հիւր խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Սէյիտ Մեհտի Ֆարշատանն ալ Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց այցելութեան ծրագրին եւ անոր վերաբերեալ ակնկալութիւններուն վերաբերեալ։ Նորին Սրբութիւնն ալ արտայայտեց իր բարեմաղթութիւնները՝ յոյս յայտնելով, թէ միջխորհրդարանական հանդիպումները բարի արդիւնքներ կ՚արձանագրեն ի նպաստ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման։

Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն պատուիրակութիւն մը։ Իլ-Տը-Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար Վալերի Փեքրասի կողմէ կը գլխաւորուէր այս պատուիրակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Վալերի Փեքրաս հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած է՝ Ֆրանսայի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած ընտրութիւններուն համար։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Միշել Պառնիէ, այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքէն դէմքեր։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման, վնասուած հայկական եկեղեցիներու վերականգնման վերաբերեալ խնդիրներուն, կարեւորուեցան միջազգային կառոյցներու միջնորդական ջանքերը։ Վալերի Փեքրասն ալ Նորին Սրբութեան հետ զրուցելու ժամանակ խօսեցաւ ֆրանսահայ համայնքին հետ ունեցած յարաբերութիւններուն, կրթական եւ մշակութային ոլորտէ ներս Հայաստանի հետ համագործակցութեան տեսլականներուն շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Փեքրաս կարեւորեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական կապերու առաւել ամրապնդումն ու խորացումը։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ ընդգծեց ֆրանսահայութեան մեծ նպաստը՝ երկու երկիրներու բարեկամական կապերու զօրացման ուղղութեամբ։ Ի դէմս Վալերի Փեքրասի՝ ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։

Հարկ է նշել, որ մօտալուտ ընտրութիւններուն ընդառաջ, այս շրջանին Ֆրանսայէն նախագահական այլ թեկնածուներ ալ կ՚այցելեն Հայաստան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021