ԿՐԿՆԱԿԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, ներ­կայ տա­րե­մու­տին դէ­պի Սուրբ Եր­կիր կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հեր­թա­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը, ո­րով մեր հա­մայն­քի ուխ­տա­ւոր­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան Սուրբ Երկ­րի մէջ մաս­նակ­ցե­լու Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տա­ղա­ւար­նե­րը կը նշէ ըստ հին տո­մա­րի։

Այս տա­րուան ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բին կո­րի­զը կազ­մեց Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­ներն ալ միա­ցան երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն։ Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էր նաեւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։

Բեթ­ղե­հէ­մի Ս. Ծննդեան այ­րին մէջ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեց տա­ղա­ւա­րի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Թէո­դո­րոս Վրդ. Զա­քա­րեան։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան։ Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ սար­քուե­ցաւ նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Թէ՛ ա­րա­րո­ղու­թեան եւ թէ ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Պա­ղես­տի­նի ղե­կա­վար Մահ­մուտ Ապ­պաս եւ Վար­չա­պետ Ռի­մա Հա­թուլ­լայ։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց մայր տա­ճա­րէն ներս կա­տա­րե­ցին նաեւ ա­ւան­դա­կան ուխ­տա­ւո­րաց Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Թէ՛ սա­ղի­մա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եւ թէ բո­լոր հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը խո­րա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարքն ալ իս­թան­պու­լա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բը հիւ­րըն­կա­լեց Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ եւ այս առ­թիւ բարձր գնա­հա­տեց Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017