ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Պատարագիչն էր Վայոց Ձորի թեմի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւոր Տ. Ներսէս Քհնյ. Աշուղպապեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի զանազան թեմերէն եւ Արցախէն համախմբուած 233 եկեղեցականներ, թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագի աւարտին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ քահանաներու հաւաք եւ պարգեւաբաշխում։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ հաւաքի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուն էր։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւանդանակ շնորհաբաշխումը։ Ի գնահատութիւն Հայոց Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս երկարամեայ վաստակի, նուիրեալ եւ արդիւնաւոր հովուական ծառայութեան՝ շարք մը եկեղեցականներու շնորհուեցաւ աւագերէցութեան պատիւ, ծաղկեայ փիլոն եւ լանջախաչ կրելու իրաւունք։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը հոգեւորականաց դասուն տուաւ իր օրհնութիւնները եւ ուղղեց պատգամը։ «Ղեւոնդ Երէցը դարձաւ հաւատքի եւ հայրենիքին համար ազգային պայքարի գաղափարակիր՝ հանգամանք մը, որ խորհուրդ եւ առաքելութիւն հաղորդեց անոր կերպարին դարերու հոլովոյթին մէջ։ Ս. Ղեւոնդեանց օրինակով կրթուած են բազմաթիւ սերունդներ, որոնք փոխանցած են մեզի օրինակելի կերպարը հաւատի քաջութեան, առ հայրենին եւ եկեղեցին նախանձախնդրութեան, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանման ջատագովութեան եւ յանուն յաւիտենականի քրիստոնէական ճշմարիտ անձնազոհութեան», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց, որ այսօր Ս. Ղեւոնդ Երէցի նախաձեռնած ազգային ինքնապաշտպանութեան հրամայականը չէ վերացած։ «Փոխուած են ժամանակները, սակայն անփոփոխ են մարտահրաւէրները։ Մեր ժողովուրդը կանգնած է նոյնական մարտահրաւէրներու առջեւ, առկայ է նաեւ ճակատը, ուր պայքար կը մղուի յանուն մեր աւանդական սրբազան արժէքներու յարատեւութեան, մեր ինքնութեան պահպանութեան եւ մեր ապագային։ Եկեղեցին մեծ առաքելութիւն ունի, աւելին՝ պատասխանատուութիւն ունի այդ արժէքներու պաշտպանութեան ու զօրացման գործին մէջ», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022