ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալը երէկ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հաւատացեալներ արդէն լեցուցած էին եկեղեցին, ուր լսեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ նաեւ խաչահանգիստ, որու ընթացքին բժշկութեան համար աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան քարոզին մէջ կանգ առաւ կեանքին վրայ ու շեշտեց, որ Մեծ պահոց շրջանը լաւագոյն առիթներէն մին է՝ այդ կեանքը արժեւորելու տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023