ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԸ

Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Ֆիլիփ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Էտուար Ֆիլիփ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Էտուար Ֆիլիփ ներկայիս Ֆրանսայի Աւր քաղաքի քաղաքապետն է։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած ծաւալապաշտ քաղաքականութեան, Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ բռնագրաւումներուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անխաթար պահպանման եւ գերիներու վերադարձի հարցերուն շուրջ։ Ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան եւ կառոյցներու յստակ դիրքորոշումն ու գործուն ջանքերը, որպէսզի կանխուի Ատրպէյճանի որդեգրած այս քաղաքականութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Արցախի հիմնախնդիրը կ՚ունենայ արդար հանգուցալուծում եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն կը հաստատուի Ֆրանսայի կամ բարեկամ երկիրներու աջակցութեամբ, հայ ժողովուրդի ամուր կամքով եւ հաւատով։

Իր կարգին, Էտուար Ֆիլիփ նշեց, որ իր այցելութիւնը Հայաստան կու գայ վերահաստատել Ֆրանսայի բարեկամական վերաբերմունքը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան անդրադարձաւ Եւրոպայի կառոյցներէն եւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն՝ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման եւ Ատրպէյճանի բռնութիւններու դատապարտման ուղղութեամբ։ Էտուար Ֆիլիփ հաւաստիացուց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել ի նպաստ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023