ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹԵՑ «ԱՐԵՒ-ԵՐԵԽԱՆԵՐ»ՈՒ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արեւ-երեխաներ»ը։ Վեհարանի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ հիմնադիրն է «Արեւ-երեխաներ» հասարակական կազմակերպութեան։ 

Վեհափառ Հայրապետը քաղցրութեամբ յիշեց «Արեւ-երեխաներ»ու հետ ամիսներ առաջ ունեցած հանդիպումը՝ նշելով, որ մխիթարութիւն կ՚ապրի՝ տեսնելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած սէրն ու գուրգուրանքը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ միայն այդ սիրոյ եւ ուշադրութեան շնորհիւ անոնք կը կարողանան ապրիլ՝ որպէս հանրութեան լիարժէք անդամ եւ գտնել իրենց տեղը հանրային կեանքէ ներս։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վստահութիւն յայտնեց, թէ հանրութեան առանձնակի ուշադրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ «Արեւ-երեխաներ»ուն՝ զարգացնելու համար Աստուծոյ տուած իրենց տաղանդներն ու շնորհները եւ այդ բոլորը լիարժէքօրէն դրսեւորելու իրենց կեանքէն ներս։

Կարեւորելով «Արեւ-երեխաներ»ու եւ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու նկատմամբ հոգածութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ կողմէ ընձեռուած առիթ մըն է՝ դրսեւորելու համար ճշմարիտ քրիստոնէական ոգի, սէր եւ հոգատարութիւն։

Հանդիպման ընթացքին Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ ընկերային ոլորտէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կեանքի կոչուած բազում օգտաշատ ծրագրերու՝ մասնաւորապէս «Արեւ-երեխաներ»ու նկատմամբ ընծայուած ուշադրութեան համար։ Ան տեղեկացուց, որ երեխաներու առողջութեան եւ զարգացման համանուն կեդրոնը Երեւանի մէջ, Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ յատկացուած տարածքէն ներս արդէն լիարժէքօրէն կը կազմակերպէ իր գործունէութիւնը։ Կեդրոնը զանազան մասնագիտական ծառայութիւններ կը մատուցէ՝ իր մօտ արձանագրուած հարիւր մանուկներու համար։ Տէր հայրը ներկայացուց նաեւ առկայ մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ ընելիքները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց «Արեւ-երեխաներ»ու հետ, «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զանոնք։ Ան վերստին շեշտեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել հնարաւորութիւնները ծառայեցնել եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերել ի նպաստ «Արեւ-երեխաներ»ու նման օրհնութեան ծառայութեան արդիւնաւորման։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020