«ՊԱՀՔԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ»

Մեծ Պահքի 32-րդ օրն է:

Այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն մաս առ մաս, մեր յարգարժան ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի «Պահքին նկարագիրը» վերնագիրը կրող գրութիւնը՝ նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը: Հայրապետը այս գրութիւնը գրած է վարդապետ եղած ժամանակ, մարտ-ապրիլ 1941-ին:

Այսպէս.

Պահքը եղած է, սկիզբէն ի վեր, մարդկային կեանքին տեւական սկզբունքներուն ամենէն առողջը եւ ազնիւը: Կեանքը հակակշռող եւ չափաւորող հոգեւոր ուժն է եւ ազդակը: Կ՚արժէ անդրադառնալ անոր իմաստին եւ շեշտել արժէքը:

Դժբախտաբար, սխալ հասկցուած ու գէշ ըմբռնուած է ան. պահքի մասին խօսիլ՝ խաւարամիտ ըլլալ կը կարծուի. եւ ամենէն զարմանալին, պահքը սխալ հասկցողները միայն անտրաբերներն ու կարծեցեալ լուսամիտները չեն, այլ՝ թունդ հաւատացեալներն իսկ գէ՛շ ըմբռնած են զայն: Մինչ անտարբերներու համար բնաւ նշանակութիւն չունի ան, անդին, ծայրայեղ բարեպաշտներու համար ալ չափազա՛նց մեծ իմաստ մ՚ունի:

Ցաւալի՜ երեւոյթ:

Որովհետեւ, երկու մտածումներն ալ, պահքով, կերակուրներու տեսակէն զատ ուրիշ բան չեն հասկնար. եւ այդ թիւր ըմբռնողութիւնները շատ բնական են՝ ցորչափ պահքին իմաստը կը սահմանափակուի լո՛կ ուտելիքի եւ խմելիքի մէջ:

Պահքը որկորի խնդիր մը չէ միայն:

Ս. Գրական առումով, պահք կը նշանակէ պահել, բան մը չուտել, ծոմ բռնել: Պահքը միակ հոմանիշն էր ծոմ բառին. պահք=ծոմ:

Եւ քրիստոնէական եկեղեցին, ինքնիրեն չստեղծեց պահքը. հապա, զայն հիմնեց Աստուածաշունչի պատմութեան եւ փորձառութեան վրայ. Մովսէս (Ելք 34.28), Եղիա (Գ. Թգ 19.8), Յովհ. Մկրտիչ (Ղկ 1.80), եւ Յիսուս (Մտ 4.2: Ղկ 4.2), իրենց հրապարակային գործունէութեան նախօրեակին, առանձնացան անապատ, անմարդաբնակ տեղեր, եւ «պահօք եւ աղօթիւք», մտամփոփ, ծրագրեցին իրենց աշխատանքի լա՜յն դաշտը:

Կերակուրէ ի սպառ հրաժարումը անհրաժեշտ տարր մը նկատուած էր երբեմն, խորո՜ւնկ խոկալու, իրերը յստակօրէն տեսնելու եւ ապագան գուշակելու համար: Այսպէս ըրաւ եւ Պօղոս առաքեալ:

Եւ ի վերջոյ, հեթանոսաց քարոզիչը Պօղոս, մի՛շտ բարեացակամ հանդէպ նորահաւատ քրիստոնեաներու, ստեղծեց նախընթաց մը. փոխեց պահքին իսկական իմաստը: Արտօնեց ծերերուն եւ հիւանդներուն, որ եթէ չկարենան անօթի եւ անսուաղ մնալ մինչեւ հոգեւոր ճաշի բաշխումը, խաշուած խոտ կամ բանջար ուտեն՝ առանց իւղի:

Առաքեալին այս թոյլտուութիւնը, «որ հիւանդն է՝ բանջար կերիցէ» (Հռ 14.2), եղծուեցաւ, շեղեցաւ իր անմեղ նպատակէն. ու տակաւ, անիւղ եւ անժուռ կերակուրներով սնանիլը պահք կոչուեցաւ:

Եկեղեցին որդեգրեց այս ձեւը: Իսկ ծոմը՝ մնաց միշտ ծոմ՝ իր բուն իմաստով:

Ինչպէս տեսանք, սկզբնական շրջանին, պահքը բանջարեղէնով միայն լուծել արտօնուեցաւ. ապա՝ ընդեղէնով, ձէթով, աղ ու հացով, եւ բուսական արտադրութիւններով:

Հայ Եկեղեցին այսչափը բա՜ւ համարեց իբրեւ պահք: Յոյն եւ այլ եկեղեցիներ՝ կթեղէնք, կաթնեղէնք եւ ձկնեղէնք ալ ներեցին. (ասոնք մեր մէջ նաւակատիք կոչուած կէս-պահք օրեր միայն կը ներուին). իսկ կաթոլիկ եկեղեցին, այժմ, միայն միսէն կը զգուշանայ, եւ ճարպը կը գործածէ իբրեւ պահք:

Ահա՛ պահքին աստիճանական զարգացումը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023