ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Փարիզի Դպրոցասէր միութեան վարժարանի եւ Մարսէյլի Համազգայինի դպրոցի աշակերտները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ֆրանսահայ աշակերտներուն, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ քառասունի։ Աշակերտներուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆրանսահայ բարերարներէն Սարգիս Պետոյեան։ Հարկ է նշել, որ Ֆրանսայի այս երկու հայկական վարժարաններու սաները ամէն տարի կանոնաւորապէս կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Վեհափառ Հայրապետն ալ գոհունակութիւն յայտնեց ձեւաւորուած այս գեղեցիկ աւանդութեան համար։

Հետաքրքրուելով վարժարաններու սաներու ուսումնառութեամբ՝ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հայորդիներուն ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումը եւ դառնալ իրենց ժողովուրդի արժանաւոր զաւակները՝ բարձր պահելով անոր անունն ու պատիւը Ֆրանսայի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը սաներուն պատգամեց նաեւ զօրացնել իրենց կապերը եկեղեցւոյ հետ եւ մշտապէս հաղորդ ըլլալ ազգային արժէքներուն ու սրբազան ժառանգութեան, որպէսզի կարողանան անխաթար պահել իրենց ինքնութիւնը։ Հանդիպման ժամանակ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձուներուն մասին՝ դէպի Հայաստան ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւններու կազմակերպման բերումով։

Իրենց հերթին քանի մը աշակերտներ ասմունքեցին՝ հաճելի անակնկալ մատուցելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ֆրանսահայ աշակերտները եւ ի յիշատակ այցելութեան անոնց ընծայեց խաչեր։

Հանդիպման ժամանակ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վարդապետ Անանեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019