ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՅՈՐԴՈՐԸ

Տաւուշի մարզէն սահմանակից չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու ուղղեալ որոշումը Հայաստանի մէջ մեծ պոռթկում յառաջացուցած է։ Հասարակութեան լայն խաւերը իշխանութիւններու կողմէ առնուած այս որոշման դէմ բողոքի ալիք կը բարձրացնեն՝ մինչ յիշեալ գիւղերու բնակիչները կը շարունակեն ճանապարհներ փակել։ Կացութիւնը լարուած եւ մտահոգիչ է՝ մինչ բողոքի ալիքին կը միանայ նաեւ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի իշխանական շրջանակներն ալ ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն թեմակալ առաջնորդը, որուն դէմ բառին բուն իմաստով զրպարտութիւններու եւ ցեխարձակումներու արշաւ մը սկսած է։

Լրատուամիջոցներուն մէջ լայն արձագանգ կը գտնեն Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց ժողովուրդի տրամադրութիւնը շատ բարձր է, վճռական ու աննահանջ, պահանջները տեղին են։ Անդրադառնալով իր անձին դէմ քննադատութիւններուն՝ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ ինք կը գտնուի Տաւուշի մէջ եւ հաւանական կալանաւորման լուրերուն փոխարէն ալ շեշտեց, թէ ճգնութենէ չի վախնար։

«Խնդիրը ճշմարտութիւնն է եւ ճշմարտութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չնահանջէ՝ անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ կ՚ընեն կամ չեն ըներ։ Այս ամբողջ շարժումը յանուն Աստուծոյ, յանուն հայրենիքի, յանուն ճշմարտութեան է։ Այստեղ մեծ սուտ խօսուած է եւ այդ սուտի պատմութիւնն է, որ պէտք է չէզոքացնենք։ Այս ժողովուրդը խաբած են», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ճշմարտութիւնը պէտք է յաղթանակէ, ուրիշ տարբերակ գոյութիւն չունի։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ երէկ արձագանգեց Տաւուշի թեմակալ առաջնորդին դէմ ձեռնարկուած արշաւին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Տաւուշի իրադարձութիւններու համատեսքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու առանձին ներկայացուցիչներ եւ անոնց ձայնակից այլազան անհատներ սուտի եւ կեղծիքի տարածման միջոցաւ արշաւի ձեռնարկած են Հայ Եկեղեցւոյ՝ ի մասնաւորի Տաւուշի թեմի առաջնորդին դէմ, որ հանդէս կու գայ հայրենիքի անվտանգութեան եւ իր թեմի հաւատացեալ զաւակներու իւրաքանչիւրի պաշտպանութեան մտահոգութեամբ։ Կը յորդորենք դադրեցնել անվայել եւ պախարակելի գործելաոճը, որ միմիայն անհամերաշխութիւն եւ ատելութիւն կը սերմանէ՝ անվտանգային սպառնալիքներ դիմագրաւող մեր հասարակութեան մէջ»։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024