ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳԱՀԻՐԷԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

Գահիրէի մէջ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի եզրափակիչ փուլին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի առկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու անհրաժեշտութեան։ «Մի՛ վախնաք, ես եմ» աւետարանական բնաբանով ծաւալուած քառօրեայ աշխատանքին մասնակցած էր նաեւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ գլխաւորուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը կը բաղկանայ Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներէ, որոնք տարածաշրջանէն ներս ներկայութիւն ունին։ Այս չորս եկեղեցական ընտանիքները խորհուրդի բոլոր կառոյցներէն եւ յանձնաժողովներէն ներս մասնակցութիւն կ՚ունենան հաւասար չափով ու յաջորդաբար։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022