ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան կապակցութեամբ։ Այս յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ ընտրութիւններէն վերջ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած կոչին՝ հոգեւոր հայրերու հետ երկխօսութեան նպատակով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Աստուծոյ ողորմութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւնները, հակառակ նախընտրական լարուածութեան, սուր հակադրութիւններու եւ արձանագրուած որոշ խախտումներու, ունեցան համեմատաբար խաղաղ ընթացք եւ անցան առանց լուրջ դէպքերու։

Եկեղեցւոյ համար չափազանց կարեւոր է, որ երկրի ղեկավարումը ստանձնող քաղաքական ուժը կարող ըլլայ ապահովելու եւ երաշխաւորելու ազգանպաստ լուծումներ կենսական այնպիսի հարցերու համար, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի, Արցախի եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի անվտանգութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժեհամակարգի պաշտպանութեան, կրթութեան, մշակոյթի, հանրային համերաշխութեան եւ համազգային ընդգրկումով այլ խնդիրներու։ Մայր Աթոռը եւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ամբողջ դասը պարբերաբար արտայայտած է իր դիրքորոշումներն ու մտահոգութիւները նման կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ եւ այսուհետեւ եւս հետեւողական պիտի ըլլայ յիշեալ ոլորտներէ ներս պետական, ազգային եւ հոգեւոր առաջնային շահերու պաշտպանութեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դրական կը գնահատէ հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի երէկ կատարած անդրադարձը համերաշխութեան, միաբանութեան, համազգային ամբողջ ներուժի համախմբման կարեւորութիւնը հայրենիքի անվտանգ, բարօր ու յառաջընթաց կեանքի հաստատման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական դաշտէ ներս հայհոյախօսութեան եւ ատելութեան խօսքին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Ողջունելի է նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ հոգեւոր առաջնորդներուն ուղղուած երկխօսութեան առաջարկը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս հանդէս եկած է այս դիրքերէն եւ կ՚ակնկալէ, որ նոր ձեւաւորուող իշխանութիւնը գործնական եւ հետեւողական քայլերու ձեռնարկէ եկեղեցւոյ հետ գործակցութեան իր իսկ առաջարկը իրականացնելու, ինչպէս նաեւ հանրային համերաշխութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ։

Հոգեւոր դասը՝ գիտակից իր հոգեւոր առաքելութեան եւ անոր կարեւորութեան յատկապէս նման ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ, պիտի շարունակէ ընել ամէն անհրաժեշտը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարող ըլլայ յաղթահարելու իր կեանքի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի հայրենիքի անկախացեալ այս փոքրիկ նշխարը ուժ գտնէ իր մէջ վերականգնելու իր անվտանգութիւնն ու ամրութիւնը՝ շարունակելու ուղին դէպի նոր հարիւրամեակներ։

Կը հայցենք Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր երկրին եւ հաւատաւոր ժողովուրդին։ Աստուած թող պահէ ու պահպանէ Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկիրը խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021