ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վերստին շնորհաւորեց Պերեճիքլեանը՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաղթանակին առթիւ։ Բարձր գնահատելով անոր գործունէութիւնը ի նպաստ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ Պերեճիքլեանի դերակատարութիւնը տեղւոյն հայ համայնքի կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւը գոհունակութեամբ վերյիշեց անցեալ փետրուարին դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմը կատարած հովուապետական այցելութիւնը, որու ընթացքին Կլատիս Պերեճիքլեանի կողմէ ցուցաբերուած էր ջերմ ընդունելութիւն։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ մատնանշեց նաեւ իր վկայութիւնները՝ Աւստրալիոյ հայ համայնքի կեանքի դրական փոփոխութիւններուն եւ յառաջընթացին շուրջ։

Իր կարգին, Կլատիս Պերեճիքլեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց մասնաւոր այցելութեամբ Հայաստանի մէջ գտնուելու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու կապակցութեամբ։ Պերեճիքլեան Նորին Սրբութեան մասնաւորապէս ներկայացուց կեցութեան օրերու իր տպաւորութիւնները։

Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Կլատիս Պերեճիքլեան զրոյցի տեւողութեան անդրադարձան Աւստրալիոյ հայ համայնքի եւ ընդհանրապէս հայոց սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանութեան խնդիրներուն։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։

Հանդիպման աւարտին Կլատիս Պերեճիքլեան ծանօթացաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019