ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Գումագաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներէն Արտա Սրկ. Փընարճեանի եւ Գրիգոր Սրկ. Կարապետեանի քահանայական կոչման արարողութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութեան, որուն մասնակցեցան վեղարաւորներ եւ մեր քահանայից դասէն անդամներ։ Ընծայեալներու ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ այս առաւօտ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։

Արտա Սրկ. Փընարճեան կը դառնայ ամուսնացեալ քահանայ, իսկ Գրիգոր Սրկ. Կարապետեան՝ աբեղայ։ 

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022