ՎԱՌ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման՝ (ՀԵՀԵՄ) վերջերս տեղի ունեցած համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից պոլսահայ երիտասարդները։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի մէջ կազմակերպուած այս ուխտագնացութեան մասնակցած էին Շահին Ժան Քալտըրըմ, Տայք Միսիսօղլու եւ Երազ Չաղլաեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիաքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022