ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԱՃՈՅ ԵՐԱԶՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցազրոյց մը տուած է՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Ան զանազան տեսանկիւններէ ներկայացուցած է Վեհափառ Հայրապետը։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի փոխադրուած կը ներկայացնենք նիւթը, զոր պատրաստած է մեր աշխատակից Յարութ Կիւլիւզեան։

*

Հաւատքի, ազգապահպանութեան գլխաւոր առաքելութիւնը բոլոր ժամանակներուն, մեծ մասամբ, վստահուած է հոգեւոր կառոյցին: Հաւատքն է, որ մեզ յաճախ կը ստիպէ ամենադժուար պահուն ուժ գտնելու եւ առաջ երթալու, հրաշքին հաւատալու ու այդ նոյն հաւատքէն ծնած հրաշքին ականատեսը դառնալու:

Ու եթէ ազգի քաղաքական անվտանգութեան երաշխաւորները, տարբեր ժամանակներու մէջ, թագաւորները, նախագահները կամ վարչապետները եղած են՝ իրենց դիւանագիտական ընդունակութիւններով ու քաղաքական հոտառութեամբ, ապա հոգեւոր կեանքի մէջ այդ կարեւոր պարտականութիւնը դրուած է հոգեւոր առաջնորդին ուսերուն:

Արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդն է: Օգոստոս 21-ին ան թեւակոխեց իր յոբելենական 70-ամեակը, որու 56 տարիները նուիրած՝ եկեղեցւոյ ու անոր բարօրութեան:

-Հայր Սուրբ, արխիւները ի՞նչ կը պատմեն մեր Հայրապետին մասին:

-Արխիւները՝ այդ ինքնատիպ պատմաբանիչները, միշտ ալ առատ ըսելիք ունին մեծ գործիչներու մասին: Այդպիսին է նաեւ մեր այժմու Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ եկեղեցական եւ ազգային մեծ գործիչ, որ իր ամբողջ կեանքը, անձը բոլորանուէր դրած է Տիրոջ Սուրբ Սեղանին՝ որպէս պատարագ վասն ազգի եւ հայրենիքի: Տակաւին ճեմարանական տարիներէն մեր Վեհափառը երազած է, տեսիլք ունեցած է իր հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ՝ զօրեղ Հայ Եկեղեցւոյ, քրիստոսանուէր ժողովուրդի եւ պերճաշէն ու բարօր հայրենիքի: Ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը որպէս արիւն հոսած են անոր երակներուն մէջ: Վիեննայի մէջ ուսանելու տարիներուն Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետին յղած իր անձնական նամակներուն մէջ այդ բոլորին վկայութիւնը կը կարդանք եւ կը զգանք։ Սքանչելի Վիեննայի՝ ազատ ու կախարդիչ այդ վայրին մէջ ան կ՚ապրէր աննման հայրենիքի ու Մայր Աթոռի սիրով: Իսկ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ ուսումնառութեան ու հովուական ծառայութեան ընթացքին ան հայրենիքն ու հայութիւնը կը վերածնէր հայ համայնքի հոգիին մէջ՝ հայոց լեզուի դասընթաց կազմակերպելով ու վարելով, հայ երգի ու պարի խմբակներ ձեւաւորելով, Սուրբ Էջմիածինը միւռոնադրոշմելով:

-Եւ ի՞նչը զայն բերաւ Հայաստան:

-Ան պէտք է ըլլար մայր հայրենիքի մէջ. այդպէս կը տենչար անոր սիրտն ու հոգին, բայց, մանաւանդ՝ այդ կը նախախնամէր անոր հոգեւոր հայրը՝ Վազգէն Վեհափառը: Այո՛, խորհրդային այդ տարիներուն շատ եւ շատ սակաւ էին եկեղեցականները, սակայն անոնց մէջ կային անձեր, որոնք կրնային կոչուիլ յոյժ կարեւոր ու պատասխանատու այդ առաքելութեան: Այդուհանդերձ, հոգետես Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը կ՚ընտրէ իր 30-ամեայ սանը՝ Տ. Գարեգին Աբեղայ Ներսիսեանը եւ անոր կը վստահի Խորհրդային Միութեան ամենամեծ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաջնագահ հայրապետական թեմի առաջնորդական տեղապահութիւնը: Եւ ան ամբողջովին կ՚արդարացնէ Վազզէն Վեհափառի այդ մեծ վստահութիւնը՝ իր բազմարդիւն առաջնորդութեամբ: Կը ծաղկի եկեղեցաշինութիւնը, իսկ 1988 թուականի ազգային զարթօնքէն ի վեր թեմի հոգեւոր կեանքը, հոգեւոր մանկապատանեկան դաստիարակութիւնը, երիտասարդներու հոգեխնամքը: Թեմին մէջ կը յառնեն Հայորդեաց տուները, Մանրանկարչութեան արուեստի կեդրոնը, Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը, «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը, բարեգործական ճաշարանները, քրէակատարողական հիմնարկներու հովուութիւնը եւ շատ այլ իրագործումներ: Եւ այդ բոլորը իրականացնելու ժամանակ Գարեգին Վեհափառին կ՚աջակցին մեր եկեղեցւոյ բարեպաշտ զաւակները՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Վեհափառին գործն ու անձը մեծապէս սիրուած, գնահատուած ու վստահութեան արժանացած են բարերար հայորդեաց կողմէ, որոնք շրջապատած են զայն եւ միշտ սիրայօժար արձագանգած են անոր մշտահունչ կոչերուն՝ իրենց առատ նուիրատուութիւններով մասնակցելով Գարեգին սրբազանի եկեղեցաշինութեան ու հայրենանուէր գործերուն: Եւ այդ բոլորը տեսած ու լսած են, գոհացած ու մխիթարուած են եւ բարձրօրէն գնահատած են Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները: Յատկանշական է, որ Գարեգին Ա. Հայրապետը ծանր հիւանդութեան շրջանին նոյնինքն այժմու Վեհափառը կ՚ընտրէ եւ կը նշանակէ կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ, որպէսզի ան իրեն յատուկ խորագիտութեամբ ու ձեռնհասութեամբ վարէ հայոց հայրապետութեան գործերը: Ահա այս եւ նման բազում այլ իրագործումներու մասին կը պատմեն Մայր Աթոռի արխիւները մեր 70-ամեայ Վեհափառ Հայրապետին մասին:

-Կեանքի եւ գործունէութեան երկար ճամբայ է, հետաքրքրական է՝ ի՞նչ սխալներ կարելի է տեսնել Հայոց Կաթողիկոսի տարեգրութեան մէջ:

-Ամբողջ տիեզերքին մէջ կայ միայն բնութիւն մը, որ անսխալական է՝ Արարիչ Աստուած: Հետեւաբար, մարդկային հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ նաեւ սխալիլ: Սուրբ Աւետարանը մեզի կ՚ուսուցանէ, որ երբ տեսանելի է եղբօր մը սխալը, այդ մասին նախ եւ առաջ պէտք է շտապել եւ գաղտնօրէն անոր հետ խօսիլ, յուշել եւ օգնել, որպէսզի զայն ուղղէ: Աւելին՝ երբ խօսքը հոգեւոր առաջնորդի մասին է, մասնաւորաբար՝ Հայրապետի, բարոյական որեւէ իրաւունք չկայ հանրայնօրէն սխալը մատնացոյց ընելու, մանաւանդ, որ այս պարագային ոչինչ կայ նշելու:

Առաջնորդական եւ հայրապետական ամբողջ առաքելութեան ընթացքին ամէն ինչ կատարուած է խղճմտանքով, իմաստութեամբ ու ճշգրտութեամբ: Մենք միայն կրնանք մատնանշել Հայոց Հայրապետին այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք կոչուած էին ուղղելու տարբեր ժամանակներու՝ զանազան պատճառներով հայ հոգեւոր-ազգային կեանքին մէջ տեղ գտած սխալները: Զոր օրինակ. դպրոցին մէջ երեխաները հոգեւոր կրթութենէ զրկելու մեծագոյն սխալը, որ ուղղուեցաւ հայ քրիստոնեայ զաւակին «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի աւանդումով: Այս ազգակերտ, հոգեւոր անվտանգութիւն ապահովող ծրագրին հեղինակն ու նախաձեռնողը Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն է:

-Ի՞նչ կ՚ըսէք Հայրապետին հետ կապուած ոչ ախորժալուր խօսակցութիւններուն մասին, որոնք լսելի են մեր հասարակութեան մէջ:

-Գիտէք, տարիներ շարունակ տարբեր անձեր ու կազմակերպութիւններ, ներքին ու արտաքին անմաքուր աղբիւրներէ սնելով ու հովանաւորուելով, նպատակ հետապնդած են հարուածներ հասցնելու Հայոց Եկեղեցիին: Եւ բնական է, որ այդ հարուածներէն սաստկագոյնները պիտի ուղղէին Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Այո՛, մի զարմանաք, այդ այդպէս է, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ, ազգի եւ հայրենիքի թշնամեաց համար երբեք ցանկալի չէ, որ Հայոց Կաթողիկոսը ըլլայ հզօր անձ, տեսիլքով, ստեղծագործ ու շինարար: Այս աւելի քան քսան տարիներուն Գարեգին Վեհափառը անշեղ նպատակասլացութեամբ միայն շէնցուցած ու բարեզարդած է Սուրբ Էջմիածինը, պայծառացուցած է Հայաստանեայց Եկեղեցին, բազմացուցած է հայ հոգեւոր դասը կրթեալ ու նուիրեալ սպասաւորներով, եկեղեցական-վարչական կառոյցը ամրապնդած է՝ վերախարսխելով Մայր Աթոռի վէմին եւ կանոնակարգած Մայր Աթոռին մէջ գումարուող ժողովական որոշումներով ու հայրապետական վճիռներով: Խորհած ու գործած է միմիայն յօգուտ հայրենի երկրին, ի շահ ազգին, ի լուծումն մեր ժողովրդեան արդար դատին եւ իղձերու իրագործումին: Ըստ եկեղեցւոյ կարողութեանց՝ Վեհափառը աջակցած է բանակաշինութեան ու հայրենիքի պաշտպանութեան: Օժանդակութիւն կազմակերպած է՝ ժողովուրդի ընկերային կարիքներուն գոհացում տալու համար: Արդարօրէն գնահատած ու մեծարած է մեր ազգի արժանաւոր ու վաստակաշատ զաւակները՝ անոնց կուրծքը զարդարելով մեր սուրբ եկեղեցւոյ պատուոյ բարձր շքանշաններով, անոնց գրիչին, արուեստին, երգին ու խաղին օգնութեան ձեռք մեկնելով: Հայոց Եկեղեցւոյ էքիւմենիք ընկալումով ու ոգիով Վեհափառ Հայրապետը զօրացուցած է նաեւ միջեկեղեցական կապերն ու յարաբերութիւնները: Որպէս հովուապետ՝ նախանձախնդրօրէն պահպանած ու պաշտպանած է քրիստոնէական հաւատքով ձեւաւորուած արժեհամակարգը, ինչպէս նաեւ մեր ազգային աշխարհասփիւռ ժառանգութիւնը: Քրիստոնէական լայնախոհութեան ոգիով Հայոց Հայրապետը ամրապնդած է նաեւ բարեկամական յարաբերութիւնները համաշխարհային աւանդական կրօններու առաջնորդներուն հետ: Եւ միշտ ուշադիր ու յարգալից գտնուած է օտար պետութեանց ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ՝ խնդակցելով անոնց ժողովուրդներուն եւ բաժնեկցելով անոնց պատահած վիշտը: Ահա՛, այս բոլորին մասին պէտք է խօսիլ ու լսել, քանի որ այս է աղաղակող իրականութիւնը, եւ ո՛չ թէ մտացածին լուրերը: Եւ, վերջապէս, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին ալ շատ խօսքեր կը տարածուէին (այսօր ալ), սակայն Տիրոջ առաքեալները իրենց վկայութիւններով ու գործերով կը քանդէին ու կը ջնջէին այդ բոլոր զազրախօսութիւնները եւ ճշմարտութիւնը միշտ կը յաղթանակէր: Այսօր ալ եւ միշտ այդպէս է՝ հիմա մենք ալ կը վկայենք եւ կը գործենք, վստահ ենք, թէ ճշմարտութիւնը միշտ լոյսի պէս կը փայլի, կը փարատէ ու կը ցրէ ամէն խաւար: Իր կեանքի աւելի քան 50 տարին Հայոց Հայրապետը ընծայած է սուրբ եկեղեցւոյ՝ այդ ճամբով իր բեղուն ծառայութիւնը բերելով ազգին ու հայրենիքին եւ այդ ամբողջ ընթացքին ան միշտ վայելած է Ամենատես Աստուծոյ օգնութիւնն ու զօրակցութիւնը, իր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակաց անկեղծ սէրն ու երախտագիտութիւնը:

-Եւ այսօր Վեհափառ Հայրապետը 70 տարեկան կը դառնայ…

-Այո՛, ու որեւէ ժամանակ, որեւէ փորձութեան պահուն Հայոց Հայրապետը մնաց անսասան՝ միշտ հաւատարիմ իր հոգեւոր կոչումին ու առաքելութեան, իր կաթողիկոսական խոստումին ու ուխտին, Սուրբ Էջմիածնին, ազգին ու հայրենիքին:

-Հայ ժողովուրդը հիմա կրկին դժուար ժամանակաշրջան կ՚ապրի: Ինչպէս բոլոր նմանօրինակ ժամանակներուն, այսօր եւս եկեղեցւոյ դերը կարեւոր է: Եկեղեցին կը յաջողի՞ խաղաղ նաւարկել ու անօրօր նաւու մէջ պահել իր հաւատացեալները:

-Լիովին համաձայն եմ եւ ճիշդ անոր համար է, որ Արարիչ Աստուած օրհնելով, ընդունելով ու արդիւնաւորելով Վեհափառին ջանքերը՝ աւելի մեծ ծառայութեան առաջնորդեց, որպէսզի պատմութեան այս ժամանակահատուածին մէջ ինք վարէ հայոց փրկութեան տապանը՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին: Եւ, փառք Տիրոջ, այս խառնակ ու փորձանաշատ ժամանակներուն Հայոց Եկեղեցին կը նաւարկէ խաղաղ, անվրդով, շրջահայեացութեամբ: Ուստի, իր բազմափորձ կեանքով ու մեծավաստակ անձով Հայոց Հայրապետը մեզի՝ հոգեւոր սպասաւորներուս համար օրինակելի է: Որքան ցանկալի է, որ Հայոց Հայրապետին կեանքն ու առաքելութիւնը օրինակելի դառնան նաեւ մեր աշխարհական անձերուն, մանաւանդ՝ հայրենիքին ու ազգին ծառայութիւն մատուցողներուն համար: Թող մեր Տէրը երկար եւ արեւշատ տարիներ շնորհէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, որպէսզի շարունակէ իրականութիւն դարձնել իր աստուածահաճոյ երազները, որոնցմով, վստահ, առլեցուն է Վեհափառ Հայրապետին սիրտը: Եւ թող մեր ազգը խաղաղ ու ապահով կեանքով ընդմիշտ վայելէ նաեւ իր 132-րդ կաթողիկոսին իրակերտումները:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021