ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու անդամներուն հաւաքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, մեր քահանայից դասու անդամները հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

Հաւաքի սկիզբին աղօթքով վերյիշուեցան նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ, իր հերթին, ցաւ յայտնեց մեր հոգեւորականաց դասու այս կորուստներուն կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա նշեց, որ համաճարակի հետեւանքով երկար ժամանակ հանդիպումները, ժողովները կանգ առած էին, իսկ այժմ, հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ Պատրիարքարանէն ներս սկսած են հանդիպումները՝ համայնքային կառոյցներու պատասխանատուներուն եւ վարչայիններուն հետ։ Այդ հանդիպումները առիթ կը հանդիսանան լսելու անոնց խնդիրներն ու ակնկալութիւնները։ Այս տեսանկիւնէն Նորին Ամենապատուութիւնը մեր եկեղեցիներէն ներս հովուական ծառայութիւն մատուցող հայր սուրբերուն հետ մէկտեղուելէ վերջ փափաքած էր հանդիպման հրաւիրել նաեւ քահանայ հայրերը։ Ան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ մանաւանդ համավարակի շրջանին վտանգներ յանձն առնելով մեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու գոհացման ընթացք տուած ըլլալու համար։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, քահանայ հայրերուն կողմէ տրուած բացատրութիւններու լոյսին տակ յայտնի կը դառնար, թէ համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները պատճառ դարձած են, որ հաւատացեալները շարունակեն իրենց առօրեային մէջ ապրիլ վարակուելու վախով եւ այդ հանգամանքը իր անդրադարձը կ՚ունենայ հաւատացեալներու կողմէ արարողութիւններուն բերուած մասնակցութեան վրայ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ընդգծուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու տեսակէտէ յառաջացած վերապահութիւնը։ Հոգեւոր սպասաւորները յոյս յայտնեցին, թէ ժամանակի ընթացքին այս խնդիրները կը յաղթահարուին եւ մեր հոգեւոր կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքի ընթացքին շեշտեց աղօթքի՝ մասնաւորապէս միասնական աղօթքի կարեւորութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ միասնական աղօթքէն զօրութիւն կը բխի։ Միասնական աղօթքի մթնոլորտին մէջ կատարուած Ս. Աւետարանի ընթերցումները եւ անոնց մասին եղած խորհրդածութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին հոգեւորականի հոգեւոր շինութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատրաստակամութիւն յայտնեց մերթ ընդ մերթ գլխաւորելու միասնական աղօթքի հաւաքները, ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ հոգեւոր շինութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, սա պիտի ամրացնէ նաեւ հոգեւորականներու միասնականութեան զգացումը։

Դահլիճի հաւաքի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս անդրադարձաւ երիտասարդներու եւ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքներու կարեւորութեան։ Սա կրնայ դրական անդրադարձ ունենալ նաեւ դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու շարքերու համալրման տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսպէսով ապագային մեր հաստատութիւնները կրնան իրենց վարչական կազմերէն ներս ունենալ այնպիսի անձեր, որոնք հաղորդ են մեր եկեղեցւոյ կառոյցին, եկեղեցական կեանքին, աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թելադրեց, որ քահանայ հայրերը անպայման Պատրիարքական Աթոռ ներկայացնեն այն երիտասարդները, որոնք իրենց ծառայած շրջաններէն ներս ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ որպէս դպրութեան կամ ուրարակրութեան թեկնածու։ Արդարեւ, անոնց պատրաստութեան համար անհրաժեշտ խնամքը եւ կազմակերպութիւնը պէտք է կատարուի Աթոռին կողմէ։

Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով՝ նորանշանակ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան անդրադարձաւ արարողութիւններու կանոնաւորութեան ու խնդրեց, որ ակամայ թերութիւնները բացառուին արարողութիւններու ժամանակ։

Հուսկ, միասնաբար բժշկութեան աղօթք արտասանուեցաւ Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեանի եւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի համար, որոնք այս շրջանին հիւանդանոցի մէջ կը գտնուին։

Քահանայից հաւաքը վերջ գտաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ աղօթքով։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հոգեւոր շինութեան ցուցաբերուած հայրական մերձեցման համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021