ՊԷՅՍԱՅՏԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, Նիւ Եորքի շրջանի Պէյսայտի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշուեցաւ տեղւոյն Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Հարկ է նշել, որ այս երգչախումբը կազմուած է նախկին պոլսահայերու կողմէ։ Քաղաքիս Կոմիտաս երգչախումբի անդամները, որոնք Նիւ Եորք հաստատուած են, այնտեղ հիմնած են համանուն երգչախումբ մը։

Այս տարուան տարեդարձի արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Յոբելեանին առթիւ ան պատարագեց եւ քարոզեց Պէյսայտի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան յոբելեար դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Քրիս Սրկ. Գալֆաեանի ղեկավարութեամբ եւ Գարէն Աճէմեան-Սմալտոնի երգեհոնահարութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի անդարձ բաժնուած բոլոր անդամներուն համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ սրահէն ներս սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։

Ի շարունակութիւն տօնակատարութիւններուն, եկեղեցւոյ համալիրէն հրաժեշտ առնելէ վերջ երգչախումբի անդամները համախմբուեցան նախկին պոլսահայ Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեանի բնակարանին մէջ։ Ան եւս կ՚անդամակցի Կոմիտաս երգչախումբին։ Այս փուլին ալ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան առիթն ունեցաւ բոլորին հետ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցելու։

Միւս կողմէ, Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի նաեւ աշխարհիկ համերգին՝ ի նշանաւորումն 65-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022