Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը։ Հայոց ազգային ինքնութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին տեսակէտէ շատ կարեւոր ու յատկանշական տօն մըն է այս մէկը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս աւանդական շուքով տօնակատարութիւններով կը վերյիշուին Սրբոց Վարդանանց նահատակները։

Ս. Վարդանանց յիշատակութեան օրը, միեւնոյն ժամանակ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնը կը նշուի եւ բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հայրապետական մաղթանք տեղի կ՚ունենայ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Հայոց Ընդհանրական Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։

Ուստի, հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներու այսօրուայ հոգեւոր ապրումներէն անբաժան են անկեղծ աղօթքներն ու ջերմ բարեմաղթանքները իրենց սիրեցեալ ու վեհաշնորհ հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին համար։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պատուական ու պատմական գահուն վրայ արդէն աւելի քան երկու տասնամեակ բոլորած է Նորին Սրբութիւնը, որու իմաստուն հովանիին ներքեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը ջանայ դիմագրաւել մեր օրերու բարդ մարտահրաւէրները եւ նոր ժամանակներու փորձութիւններուն ընդմէջէն հովուել իր աշխարհացրիւ հօտը՝ ուղիղ վարդապետութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւը առաջնորդել դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան շրջանին ապահովուած ձեռքբերումները ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն Հայ Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան հիմնական ոստումները, որոնք երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունին՝ յաւակնոտ նպատակներով ու բարձր նշաձողով։

Անուանակոչութեան տօնին առթիւ որդիական ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը, որու սուրբ եւ օծեալ աջոյն զօրութիւնը կը մնայ համայն հայութեան հիմնական ապաւէնը։ Նորին Սրբութեան ամենայն անկեղծութեամբ կը մաղթենք արեւշատութիւն, ծաղկուն գաւազան եւ արգասաւոր գահակալութեան բազում տարիներ հայրապետական սուրբ գահուն վրայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022