«ՔԱՆԶԻ ԵՍ ՍՈՒՐԲԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ՉՈՒՐԱՑԱՅ»

Մեծ Պահքի 5-րդ օրն է:

Համբերութեան հայր՝ Յոբ Երանելին իր գլուխին եկած փորձութիւններուն ու կրած նեղութիւններուն ժամանակ, այսպէս արտայայտուած է. «Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր ու տար Աստուած այս բանը, որուն կը սպասէի, այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր: Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ» (Յոբ 7.8-10):

Ի՜նչ պողպատեայ կամք եւ տոկունութիւն, որ անողորմ ցաւին մէջ անգամ համարձակութիւն եւ ուժ կը գտնէ այսպէս արտայայտուելու:

Արդարեւ, Յոբ Երանելիին մասին վստահաբար շատեր գիտեն: Ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք, իր բարեկամները կու գան իր մօտ որպէս թէ մխիթարելու, սակայն աւելի կը ծաղրէին զինք՝ քան կը մխիթարէին, սակայն Յոբ Երանելին իր զգաստութիւնն ու զգօնութիւնը առանց կորսնցնելու կը զրուցէր անոնց հետ: Երբեմն-երբեմն կը տրտնջար, որովհետեւ ի վերջոյ ինք եւս մարդ էր, սակայն ամենէն կարեւորը այն էր, որ այդ բոլոր նեղութիւններուն մէջ ան իր յոյսը չէր կտրած Աստուծմէ եւ իր աչքերը երկինք սեւեռած Աստուծմէ օգնութիւն ու մխիթարութիւն կը սպասէր ու կ՚ակնկալէր:

Հետաքրքրականը վերը մէջբերուած համարներուն մէջ, Երանելիին փափաքն է Տիրոջ ձեռքով կործանուելու, որովհետեւ իր կրած նեղութիւններն ու ցաւը անտանելի էին, սակայն այդ փափաքը յայտնելէ անմիջապէս ետք կու գայ Երանելիին անկոտրում վստահութիւնն ու հաւատքը առ Աստուած, երբ կ՚ըսէ. բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ:

ա. Մխիթարութիւն պիտի ունենամ.

բ. Անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ.

գ. Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ:

ա. Մխիթարութիւն պիտի ունենամ. այսօրուան մեր ապրած կեանքին ու մեր ներաշխարհին նայինք, մենք եւս կրնա՞նք Երանելիին նման մեր ունեցած դժուարութիւններուն եւ կրած ցաւերուն մէջ բարձրաձայն յայտարարել, թէ մխիթարութիւն պիտի ունենանք, կամ մեր մխիթարութիւնը Աստուած Ի՛նք է: Ճիշդ է, որ մեր օրերուն նման արտայայտութիւնները սկսած են «ժամանակավրէպ» համարուիլ, նկատի ունենալով նիւթի եւ եսի թագաւորութեան տիրապետումը, սակայն մէկ բան պէտք չէ մոռնանք, որ նիւթն ու եսը ժամանակաւոր ու անցողիկ են, սակայն Աստուած Ի՛նք՝ յաւիտեան է, որ Էր, Է եւ պիտի ըլլայ յաւիտեան:

բ. Անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ. այսօր մեր կեանքը լեցուն է ցաւերով եւ ողբերգութիւններով, շատ յաճախ մեր ցաւերուն անձնատուր ըլլալով, կը կորսնցնենք մենք մեր անձերուն վրայ տիրապետումը: Չարը, օգտուելով այս առիթէն, իր արբանեակները զինելով հազար ու մէկ տեսակ հնարքներով կ՚առաջնորդէ զանոնք դէպի մեզ՝ վերջնականապէս կործանելու համար: Մեզմէ շատեր չեն կրնար դուրս գալ այս պատերազմէն, որովհետեւ ցաւին մէջ Աստուծմով ուրախանալու ունակութիւնը կորսնցուցած են եւ գերին դարձած են աշխարհիկ մտահոգութիւններուն: Ցաւը անբաժան մէկ մասնիկն է մեր առօրեային՝ ընդունինք կամ չընդունինք, այդ ցաւը թեթեւ կամ զօրաւոր կերպով տանելու ու կրելու որոշումը սակայն մեր ձեռքն է: Յոբ Երանելի իր որոշումը կայացուցած էր ու զԱստուած ընտրած էր որպէս անդաւաճան Ընկեր իրեն, եւ յաջողած էր Աստուծմով իր անողորմ ցաւին մէջ ուրախանալու, մենք եւս հետեւելով Յոբի օրինակին պէտք է նոյն որոշումը եւ նոյն ընտրութիւնը կայացնենք:

գ. Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ. սակայն, որպէսզի մխիթարութիւն ունենանք եւ մեր կրած ցաւերուն մէջ ուրախանալու քաջութիւնը ունենանք, կարիքը ունինք Երանելի Յոբի օրինակին դարձեալ՝ չուրանալ Սուրբ խօսքերը, այլ խօսքով կառչիլ Աստուծոյ եւ Անոր մեզի աւանդած պատուիրաններուն եւ սկզբունքներուն, որոնք արձանագրուած են Սուրբ Գիրքին մէջ, որովհետեւ անոնցմով է միայն, որ պիտի յաջողինք յաղթահարել ամէն տեսակի փորձութիւն, նեղութիւն ու ցաւ:

Ոմանք կրնան ըսել, եւ բազմաթիւ ըսողներ կան, թէ Աստուածաշունչը արդէն իսկ ժամանակավրէպ է, կամ Յիսուս հրեայ մըն էր եւ իր մտածումներն ու վարդապետութիւնները հրեաներուն կը վերաբերին, եւ նման արտայայտութիւններ: Սակայն արդեօք այդպէ՞ս է. լսենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Եսայի Մարգարէն. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Ես 40.8). ո՛չ միայն խոտն ու ծաղիկը, այլ այս ամբողջ աշխարհը պիտի վերանայ, սակայն Աստուծոյ խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ, եւ բոլոր անոնք որոնք այդ Խօսքին կը կառչին, իրենք եւս պիտի ժառանգեն յաւիտենականութիւնը:

Հետեւաբար, մխիթարուինք Սուրբ Հոգիով, ուրախանանք Քրիստոսով եւ կառչինք Աստուծոյ խօսքերուն, որպէսզի Յոբ Երանելիին օրինակով արժանանք Տիրոջ օրհնութեան, ողորմութեան ու այցելութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 Փետրուար 2023, Վաղարշապատ 

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023