ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Չեխիոյ նորանշանակ դեսպան Փեթըր Փիրունչիքը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն։ Ան գոհունակութեամբ մատնանշեց երկու երկիրներու բարեկամական սերտ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ անոնք կ՚ըլլան շարունակական եւ բարի արդիւնքներ կ՚ապահովեն երկու ժողովուրդներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստան-Չեխիա կապերու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ իր կարեւոր նպաստը կը բերէ նաեւ Չեխիոյ հայ համայնքը։ Այս առթիւ ան ի դէմս դեսպանին իր գնահատանքը փոխանցեց Չեխիոյ իշխանութիւններուն եւ Չեխիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ՝ հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքին համար։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային եւ գոյաբանական հիմնախնդիրներուն, պատերազմի աղէտալի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ քայլերուն։ Ան այս առընչութեամբ ողջունեց միջազգային կառոյցներու եւ բարեկամ երկիրներու ջանքերը՝ ի խնդիր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատման։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նաեւ միջնորդական շարունակական ջանքերը, որպէսզի Ատրպէյճանի մէջ ցայսօր ի պահ դրուած հայ ռազմագերիները վերադարձուին։

Իր կարգին, դեսպան Փիրունչիք հաստատեց, որ Չեխիա կը զօրակցի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Եւրոմիութեան ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու գերիներու վերադարձման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023