«ՊԱՀՔԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ»

Մեծ Պահքի 33-րդ օրն է:

Մեծ պահոց մէջ կը գտնուինք: Այս հոգեւոր եղանակին, անձնիւր քրիստոնեայ անհատ, պարտի խի՛ստ քննութեան մը բովէն անցընել իր անձը եւ ճանչնալ իր բարեմասնութիւններն ու արժանիքները, թերութիւններն ու մոլութիւնները: Ամէն մարդ թերի կողմ մը ունի. չկա՛յ անսխալականութիւն. սակայն մեծագոյն թերութիւնը, ինչպէս ըսած են իմաստասէրներ, թերութիւններ ունենալ եւ զանոնք սրբագրելու ջանք չընելն է:

Հոգեւոր ու բարոյական է պահքին նկարագիրը. այս շրջանին, եկեղեցին զղջումի եւ ապաշխարութեան փողը կը հնչեցնէ ուժգնօրէն եւ կը հրաւիրէ իր հօտը՝ զգաստութեան եւ ուղղութեան: Ապաշաւի սրտաբուխ հառաչանք մը, արցունքի տաք շիթ մը մեր հոգիի ալքերէն բաւական են նորաստեղծելու եւ մաքրելու ապականած կեանքեր:

Պահքը՝ մարմինը վստահելի ուղղութեան կը մղէ եւ հոգեկան ներաշխարհին հաւասարակշռութիւնը կը պահէ:

Ըստ երեւոյթին, պահքը զո՛ւտ կրօնական խնդիր մըն է. եւ ինչ որ կրօնական գոյն եւ տարազ զգեցած է, արժէք չի ներկայացներ. այս դատումը արդիւնքն է նեղ մտածողութեան եւ հիւանդ տրամաբանութեան:

Պահքը, կրօնականէն աւելի, այսօր, բարոյական եւ ընկերային խնդիր մըն է: Կերուխում ալ չէ: Այս մասին Յիսուս կատարած է ճշդումը՝ աւելի լայնամիտ եւ ազատախոհ կեցուածքով: Թէ՝ բերնէն մտած որեւէ նիւթ կամ ուտելիք չի պղծեր զմարդ, այլ ինչ որ բերնէն կ՚ելլէ այն է որ կը պղծէ. «Եւ ո՞չ իմանայք եթէ ամենայն որ մտանէ ի բերան՝ յորովայն երթայ եւ արտաքս ելանէ. իսկ որ ելանէ ի բերանոյ՝ ի սրտէ անտի գայ, եւ այն չարք, շնութիւնք, հայհոյութիւնք, սպանութիւնք… այս ամենայնէ որ պղծէ զմարդ» (Մտ 15.11-20):

Ակներեւ է ճշմարտութիւնը: Պահքը ուտելէ կամ խմելէ աւելի բարձր բան մըն է: Աւետարանի ըմբռնումով, լաւ է միս ուտել սնունդի համար, քան թէ ուրիշին միսը ծամել օրն ի բուն՝ չարախօսութեամբ կամ բամբասանքով:

Յարաբերական է պահքին արժէքը ուտելիքի հետ, քանի ան, մասամբ, ժուժկալութեան եւ զոհողութեան յայտարարն է. պահեցողութիւն ամէն մարզի մէջ. ժուժկալութիւն ցանկութեանց. զսպում չար ախորժակներու. սանձահարում խօլ կիրքերու. չափաւորում ընդհանուր կենցաղի եւ վարքի:

Սնունդը՝ իր զանազան տեսակներով, մեծ ազդեցութիւն կը գործէ անհատին բնախօսական վիճակին վրայ. եւ այդ իսկ պատճառաւ անկարելի կը դառնայ կրօնքին, իր օրինագիրքէն դուրս ձգել պահեցողութեան դրութիւնը:

Պօղոսի ողջմիտ տեսութիւնը այդ մասին (Հռ 4) վճռական է. «Ուտողը պէտք չէ անգոսնէ չուտողը. չուտողն ալ պէտք չէ դատապարտէ ուտողը. իւրաքանչիւր ոք թող իր միտքը հաճեցնէ. Աստուծոյ թագաւորութիւնը ուտելիք, խմելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, խնդութիւն…»:

Ցաւալին այն է, որ հեռացած ենք կրօնքին բուն իմաստէն եւ ոգիէն, մոռցած ենք պահքին հոգեկանութիւնը եւ մեր ամբողջ ուշն ուրուշը կեդրոնացուցած՝ անոր արտայայտութեան արտաքին ձեւերուն, որոնք փուշերու եւ տատասկներու նման կը խեղդեն կրօնքին ատոք սերմերը եւ կը զրկեն զանոնք ուռճանալու յատկանիշէն:

Կրօնքը արտաքին կերպ կամ ձեւ չէ. ատոնց խորքն է, միջուկն է՝ մէկը միւսով պահպանուող եւ աճող:

Պահք է՝ անիրաւութիւն չընել. պահք է՝ թշնամութենէ, հայհոյութենէ, եւ այլ խարդախ եւ յոռի ունակութիւններէ հրաժարիլ՝ ըստ Եսայիի (58.3-7):

ԽՈՐԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023