Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց հայր սուրբը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց բարի կեցութիւն։ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի կողմէ ալ հիւրընակալուեցաւ հայր սուրբը, որ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ կը դառնայ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան իր եղբայրներուն կողմէ։

Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կեցութեան օրերուն մօտէն կը ծանօթանայ հայ Երուսաղէմին, Սուրբ Երկրի համաքրիստոնէական, տէրունակոխ սրբավայրերուն եւ այլ տեսարժան վայրերուն։ Հարկ է նշել, որ ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի հայր սուրբի ծննդեան 45-ամեակի յոբելենական շրջանին, ինչ որ իր տեսակէտէ հոգեւոր ապրումներու առիթ դարձած է։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023