ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ մէկ եւ կէս միլիոն հայորդիք իրենց կեանքի գնով վկայեցին հաւատարմութիւնը աստուածաշնորհ մեր հայրենիքին եւ հաւատքին՝ մերժելով ուրացութիւնն ու ուծացումը։ Անոնք կենդանի պահեցին իրենց հաւատն ու յոյսը մեր ժողովուրդի վերածնունդին հանդէպ։ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կը խորհրդանշէ այդ վերածնունդը, որ իրականութիւն դարձաւ հայրենիքի փոքր մէկ հատուածին մէջ անկախ պետականութեան վերակերտումով, ինչպէս եւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ցեղասպանութենէն փրկուած հայորդիներու նոր կեանքի վերընձիւղումով։ Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, ազգովին համախմբուած եկեղեցիներու մէջ, յուշակոթողներու առջեւ, աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը, որպէսզի միաբան ու աննկուն կամքով կարողանանք դիմագրաւել արհաւիրքներն ու սպառնալիքները, պայքարիլ հայոց արդար դատի յաղթանակին համար եւ նպաստել մեր ժողովուրդի կեանքէն ու աշխարհէն ներս ցեղասպան եղեռնագործութիւններու ու ոճիրներու կանխման։ Թող Երկնաւոր Տէրը խաղաղութիւն ու բարօրութիւն պարգեւէ Հայաստան ու Արցախ մեր հայրենիքին եւ թող Յարուցեալ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկնային շնորհները եւ սէրը բաշխուին համայն մեր ժողովուրդին ու ողջ մարդկութեան այսօր եւ միշտ. ամէն։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023