ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երեք նոր կուսակրօնով։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծաներու ձեռնադրութիւնը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը, խարտաւիլակն էր Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Օծումէն վերջ վերանուանուած ձեւով նոր կուսակրօններն են՝ Տ. Արմէն Աբեղայ Գալայճեան, Տ. Առաքել Աբեղայ Գատէհճեան եւ Տ. Ազատ Աբեղայ Ֆիլիքեան։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց նորընծաները, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց՝ յորդորներով հանդերձ։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022