ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին եւ քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արտա Սիմքէշեան եւ Մկրտիչ Նարլը ուրարակիր դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականին, ինչպէս նաեւ Ս. Սանդուխտ Կոյսի կեանքին ու վարքին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ աւանդութեան, կատարուեցաւ հանգստեան կարգ՝ եկեղեցւոյ քարոզիչներու, հովիւներու, թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց կազմերու անդամներուն, համայն սպասաւորաց ու սատարողաց հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ներկաները հիւրընկալուեցան Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Օշին Փոլատի։ Ելոյթ մըն ալ ունենալով Օշին Փոլատ բացատրութիւններ տուաւ իր եւ իր ընկերներուն կողմէ տարուած բեղուն աշխատանքին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ իրենց պաշտօնավարութեան շրջանին մասին ըրաւ հաշուետուութիւն մը։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Վոսփորի ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ ի նպաստ տարուած աշխատանքին համար եւ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

Հաւաքոյթը վերջ գտաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023