ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկ երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ՝ հետաքրքրուելով անոր որպիսութիւնով։ Նորին Սրբութիւնը ապաքինման մաղթանքներու առընթեր յայտնած է, որ ինք եւ Կիլիկիոյ միաբանները կ՚աղօթեն Նորին Ամենապատուութեան առողջութեան վերականգնման համար։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է Կիլիկեան Աթոռի գահակալի վերաբերմունքին համար եւ փոխանցած՝ եղբայրական ողջոյնները։ Ան խնդրած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի աղօթակցութիւնը՝ բժշկութեան համար։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, 2021-2022 կրթական շրջանի սկիզբին ընդառաջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս հերթական անգամ հայրական հոգածութեան եւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցած է Անթիլիասի դպրեվանքը, որ յոբելենական շրջանի մէջ կը գտնուի։ Նորին Սրբութիւնը վերամուտի առթիւ հանդիպում մը ունեցած է տեսչական կազմին հետ։ Այսպէս, Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան դպրեվանքի կեանքն ու առաքելութիւնը վերանորոգման առաջնորդող շարք մը ծրագիրներ: Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ դպրեվանքը վերանորոգ նուիրումով կը շարունակէ իր հոգեմտաւոր առաքելութիւնը։ Ան այժմու առաջնահերթութիւններու շարքին առանձնացուց՝ դպրեվանքի կրթական ծրագիրի վերանայումը, առօրեայ ժամանակացոյցի վերադասաւորումը, ուսուցչական կազմի վերարժեւորումը եւ հաստատութեան կրթական, հոգեւոր, վարչական, յարաբերական ու տնտեսական մարզերուն առնչուած աշխատանքներու վերակազմակերպումը:

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց՝ դպրեվանքին վստահուած հոգեմտաւոր արժանիքներով լեցուն մարդու պատրաստութեան հրամայականը: «Այսօր մեր ազգը, իր բոլոր կառոյցներով, մարդու պակաս ունի. այնպիսի մարդու, որ հաւատքով ու նուիրումով կը գործէ ու կը ծառայէ. այնպիսի մարդու, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու առաւել հզօրութեան: Այս առաքելութեան լծուած է դպրեվանքը: Մենք բոլորս անոր հոգեմտաւոր մկրտարանին մէջ վերածնած ենք՝ անկէ ստանալով անշահախնդիր ու անմնացորդ կերպով ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը: Հետեւաբար, սովորական ուսումնարան մը չէ դպրեվանքը, այլ սրբավայր է: Այս գիտակցութեամբ հարկ է ըլլալ նախանձախնդիր, բծախնդիր ու հոգածու դպրեվանքի նկատմամբ», ըսաւ ան եւ իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին եւ անոր օգնական հսկիչներուն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ դպրեվանքը միշտ պիտի մնայ մեր բոլորին, ինչպէս նաեւ նախկին դպրեվանեցիներուն՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, սիրոյ ու հպարտութեան առարկան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021