ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՔԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին խորհրդակցութիւններու շարք մը կ՚իրականացնէ՝ թէ՛ մեր հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչներուն եւ թէ մեր եկեղեցիներէն ներս սպասարկութիւն բերող այլ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երէկ եւս Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու զանազան խնդրայարոյց երեւոյթները, որոնք պայմանաւորուած են՝ մանաւանդ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքներով։ Դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները մասնաւորապէս օրակարգի վրայ բերին նոր սերունդէ դպիրներ հասցնելու անհրաժեշտութեան հարցը։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթը բացուեցաւ կատարուած հանգստեան կարգով՝ ի հանգիստ հոգւոցն նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, ինչպէս նաեւ դպրաց դաս-երգչախումբերու նախագահ, դպրապետ, վարիչ, երաժիշտ եւ անդամներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ պարզեց հաւաքոյթին նպատակը, որ էր ծանօթանալ եկեղեցիներու մէջ կարեւոր դեր ունեցող դպրաց դասերու վարչայիններուն հետ, լսել իրենց գանգատներն ու ցաւերը, ինչպէս նաեւ փափաքները։ Անդրադարձաւ, թէ Պատրիարքական Աթոռը համավարակի շրջանին թելադրած էր դադրեցնել ժողովներու գումարումը եւ այս պատճառաւ ալ կարելի չէր եղած կանոնական անդամական ժողովներ գումարել։ Պատրիարք Հայրը թելադրեց, որ այս տարի անդամական ժողովները գումարուին եւ ի պահանջել հարկին կատարել դպրապետի եւ տնօրէն խորհուրդի ընտրութիւնները։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա հետաքրքրուեցաւ դպրաց դաս-երգչախումբերու տարած աշխատանքներով, յատկապէս համավարակի շրջանին։ Ընդհանուրին գաղափարը գրեթէ կու գար միանալ հասարակ յայտարարի մը վրայ, ըստ որում համավարակի ժխտական ազդեցութիւնը դուռ բացած էր անդամներու թիւի նուազման եւ կամ առթած երկիւղին պատճառաւ պատահած յաճախակի բացակայութիւններու։

Մինչ այդ, Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան հանդէս գալով՝ ընդգծեց ահազանգային վիճակը, որով եկեղեցեաց աւանդական երգեցողութիւններու կատարման համար մօտիկ ապագային պիտի դժուարանային գիտակից ու վարժ դպիրներ գտնել։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ այժմու երէց սերունդի ծառայողները արդիւնքներն են ժամանակին ցանուած հունտերուն։

Արտայայտուեցաւ նաեւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքոյթը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021